Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան դրուատեց լիբանանեան բանակին նուաճումները` շեշտելով, որ բանակը Լիբանանի փրկութեան երաշխիքը կը նկատուի:

ՀԱՒԱՍՏԻ աղբիւրներ կը շեշտեն, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի ապաստանած է պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ մաղթեց, որ արաբական աշխարհի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր երկիր ըլլայ կայուն` պահպանելով իր ազգային արժէքներն ու գերիշխանութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայեզ Շքըր կոչ ուղղեց վաւերացնելու ընտրական օրէնքի նախագիծ մը, որուն հիման վրայ Լիբանան կը վերածուի մէկ ընտրաշրջանի` համամասնական դրութեան հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ` հանդիպելէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ, անհրաժեշտ նկատեց առեւանգուած բանակայիններուն հարցին արագ լուծումը:

ՓՈՓՈՓԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ պէտք է մշակել եւ վաւերացնել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կը պահպանէ համայնքային բաղադրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքի նախագիծը արդէն իսկ ձախողած է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը կախեալ է Հըզպալլայի ջանքերէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի հրապարակումին պէտք է կանխէ նախագահական ընտրութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան մեղսակից ըլլալու յանցանքով դատապարտուող իւրաքանչիւր յանցագործ պիտի փորձէ խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին երկու տարի եօթը ամիսէն առաջ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ յանձնառու է տարակարծութիւններ յառաջացնող հարցերը երկխօսութեան միջոցով քննարկելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի յայտարարած արշաւը քաղաքացիներուն համար օգտակար է եւ պէտք է ներառէ ամբողջ Լիբանանը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ միշտ համաձայն պիտի մնայ եւ պիտի նպաստէ Հըզպալլայի ու Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան: Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի իսլամ քարոզիչ շէյխ Աֆիֆ Նապուլսիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանցիներուն ու Լիբանանի կառավարութեան եւ իրենց ամբողջ կարողականութիւնը կը դնեն Լիբանանի տրամադրութեան տակ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Ռապիէի մէջ կայ մէկ ծրագիր եւ մէկ թեկնածու: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական ծրագիրին դէմ չէ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ու Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան նախապատրաստական աշխատանքը դանդաղ կերպով կ՛ընթանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը անոր քանակէն կախեալ չէ, այլ` դերակատարութենէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը քրիստոնեայ համայնքին վնաս կը հասցնէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը չէ քննարկած այն հաւանականութիւնը, որ դէպի Լիբանան վիրաւորներուն մուտքը արտօնելու փոխարէն կարելի է առեւանգուած բանակայիններ ազատ արձակել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստ է համաձայնութիւն գոյացնելու համախոհական թեկնածուի մը շուրջ` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ համախմբումին համար առաջնահերթութիւնը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքի նախագիծին վերապահուած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները գլխատելու կամ չգլխատելու որոշումը ուղղակիօրէն կախեալ է ՏԱՀԵՇ-ի էմիր Ապու Պաքըր Պաղտատիէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր.Միշել Աունի իրաւունքն է ներկայանալ իբրեւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, սակայն ան իրաւունք չունի խորհրդարանի նիստերուն իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Ամալ շարժումի պատասխանատու Մուսթաֆա Ֆուաանի շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ կը հաւատան բանակին նեցուկ կանգնելու եւ անոր աշխատանքը դիւրացնելու առաքելութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES