Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2014-2015 Տարեշրջանին Որդեգրուելիք Օրէնքը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին որդեգրուելիք օրէնքը:

Ա. հանգրուանին խումբերը երթուդարձի դրութեամբ մրցումներ կատարելէ ետք, յաջորդաբար 1-էն 8 դիրքերը կը գրաւեն: Ապա, անոնք կը բաժնուին երկու խմբակի եւ կը մրցին իրարու դէմ` իրենց ունեցած այդ կէտերուն վրայ նոր կէտեր աւելցնելով:

Բ. հանգրուանի մրցումները եւս տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ: Սակայն Գ. հանգրուանէն ետք հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ Դ. հանգրուանի` կիսաւարտականի իր տոմսը:

Կիսաւարտականի մրցումներուն եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբն է, որ կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր եւս եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES