Ասիական Ծովեզերեայ 4-րդ Խաղեր. Լիբանանի Ժիւտոյի Պատուիրակութիւնը 4 Մետալով Վերադարձաւ Փիւքեթէն

PROFOTO
Երէկ յետմիջօրէին Փիւքեթէն (Թայլանտ) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք ասիական ծովեզերեայ 4-րդ խաղերուն:
Ժիւտոյի մարզիկները յաջողեցան բարձր պահել Լիբանանի անունը` տիրանալով 4 մետալի:
90 քկ եւ վար դասակարգին մէջ, Նասիֆ Էլիաս տիրացաւ ոսկի եւ պրոնզ մետալներու, մինչ Քարեն Շամմաս (63 քկ) տիրացաւ 2 արծաթ մետալի:
Ժիւտոյի լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրանսուա Սաատէ եւ մարզական այլ պատասխանատուներ:
Շնորհաւորելէ ետք լիբանանցի մարզիկներուն կատարած այս կարեւոր իրագործումը` Համմամ ըսաւ, որ մօտիկ ապագային միջազգային գետնի վրայ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրած բոլոր մարզիկները պիտի պարգեւատրուին:

