Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յաւելեալ եկամուտ մը պիտի ունենաք, որ մեծապէս պիտի նպաստէ եւ նեղ կացութենէ պիտի փրկէ ձեզ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ ինքնավստահ էք. ասիկա լաւ չէ ձեզի համար. ձեր շրջապատին կարծիքներուն կարեւորութիւն տուէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ գործ մը պիտի ընէք, որմէ ձեր շուրջինները գոհ պիտի մնան եւ ձեզ պիտի շնորհաւորեն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յոգնած էք եւ հանգիստի կարօտ էք. թեթեւ մարզանք մը շատ օգտակար պիտի ըլլայ եւ ձեզ պիտի թարմացնէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան բաժանում մը ձեզ կ՛անհանգստացնէ. ուշադիր եղէք ձեր ջիղերուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ճամբորդութիւն մը ծրագրած էք, կատարեցէք.  յաջողութիւնը ձեզի հետ է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր գործի մը ձեռնարկելու մտադրութիւն ունիք, քայլ նետեցէք, քանի որ յաջողութեան ճամբուն վրայ էք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Զուարճացէք ձեզի ներկայացուած առիթներով: Երջանկութիւնը ձեր դուռը հասած է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բժշկական քննութիւններ կատարած էք, որոնց արդիւնքը ձեզ պիտի ուրախացնէ. լաւ ընթացքի մէջ էք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սիրով լեցուն ընտանեկան կեանք մը ունիք. ձեր շուրջինները պատրաստ են ձեզի օգտակար ըլլալու:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակամէտ էք ամէն բան փոխելու, ինչ որ դիւրին չէ. աւելի լաւ է, որ ձեր գիտցածը զարգացնէք, որ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ ձեզ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մտածեցէք ձեր ընելիքներուն մասին: Իմաստութեամբ կը լուծէք ամէն հարց:

Share this Article
CATEGORIES