50 Տարի Առաջ (21 Նոյեմբեր 1964)

Խմբագրական

Նոյեմբեր 22

Վաղը` կիրակի, 22 նոյեմբեր, բոլոր համայնքներու պատկանող լիբանանցիները անհուն հրճուանքով եւ անպատում հպարտութեամբ պիտի տօնեն Լիբանանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձը: Պիտի տօնեն հպարտութեամբ, որովհետեւ անցնող 21 տարիներու ընթացքին իր զաւակներուն արիւնով ու քրտինքով, անհաշիւ զոհողութիւններով եւ անդադրում պայքարներով շահուած անկախութիւնը ամրապնդուեցաւ ու Լիբանան դարձաւ Արեւելքի սիրտը, գեղահասակ երիտասարդ, որ ալեփառ Սաննինի շուքին տակ եւ Միջերկրականի հողմածուփ կապոյտին դիմաց, վստահութեամբ կը նայի ապագային:

Փոքր երկիր մըն է Լիբանան, հազիւ երկու միլիոն բնակչութեամբ, բայց մեծ է իր բարոյական վարկը միջազգային գետնի վրայ` իբրեւ երկրի մը, որ ձեռնհաս պատուիրակներով կը ներկայացուի միջազգային ժողովներու մէջ, ներկայացուցիչներ, որոնց խօսքը կշիռ ունի:

Լիբանան այս դիրքը կը պարտի իր բոլոր զաւակներուն անձնուէր գործակցութեան, որ նուիրագործոած է 1943-ի Ազգային ուխտով, երբ բոլոր համայնքները միացան` թօթափելու համար Ֆրանսայի հոգատարութիւնը ազատութեան սիրահար այս ժողովուրդին եւ ազատութեան օրրան ու խորհրդանիշ այս երկրին վրայէն:

Այնուհետեւ, շնորհիւ իր բոլոր զաւակներու նուիրումին, Լիբանան լաւագոյնս օգտագործեց անկախութեան ընծայած պատեհութիւնները` կարգի դնելու համար իր տնտեսութիւնը, որ միջազգային մասնագէտներու իսկ զարմանք պատճառելու աստիճան շատ առողջ վիճակի մէջ է:

Իմաստուն ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, Լիբանան դարձաւ փնտռուած անդամը Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկային, ուր իր ներկայացուցիչները շարունակ լսուեցան` իբրեւ պատուիրակները երկրի մը, որ իր արժանապատուութիւնն ու ուժը կը փնտռէ բարոյական արժէքներու մէջ:

Գեղեցիկ էր Լիբանան, այսօր աւելի գեղեցկացած է, անկախութեան այս կարճ ժամանակաշրջանին, իր զաւակներուն ցուցաբերած շինարար եւ ձեռներէց ոգիով, որուն շնորհիւ Լիբանան դարձած է Արեւելքի Զուիցերիան` այլ փոքր երկիրներու նախանձը գրգռելով:

Անկախութեան տարեդարձին առթիւ կարելի չէ չյիշել այն ղեկավարները, որոնք իրենց կորովի կեցուածքով իրականացուցին տարիներու իրենց երազը: Այս մեծ օրուան պատիւը եթէ կը պատկանի բոլորին, անխտիր բոլոր լիբանանցիներուն, աւելորդ տուրք մը տուած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, թէ նոյեմբերի այդ տխուր օրերուն գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով` չուզեցին զիջիլ ազգային նուիրական իրաւունքներու գետնին վրայ եւ անկախութեան արշալոյսը բացին ազատատենչ ժողովուրդի մը առջեւ:

Այսօր անոնց քաղաքական արդար վաստակն է, որ գուրգուրանքով կը պահուի բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ, որոնք իրենց Ազգային ուխտով գօտեպնդուած` եղբայրօրէն կը գործակցին նուաճելու համար նոր բարձունքներ:

Իբրեւ մէկ անդամը լիբանանեան ընտանիքին, այս գեղեցիկ երկրին հայութիւնը, այլ համայնքներու իր եղբայրներուն հետ, կ՛ողջունէ Լիբանանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձը` այդ անկախութեան կերտումին իր նպաստը բերած ըլլալու արդար գոհունակութեամբ:

Գիտակից` անկախութեան եւ ազատութեան բարիքներուն, դարերով պայքարած այդ երկու նուիրականութիւններուն համար, Լիբանանի հայութիւնը եղբայրօրէն կը մասնակցի այս ասպնջական երկրի զաւակներուն ուրախութեան`  բաժնելով անոնց հպարտութիւնն ու ցնծութիւնը:

Հայութիւնը, որ իբրեւ համայնք Լիբանանի հետ զուգընթաց ծաղկած եւ բարգաւաճած է, անոր միւս համայնքներուն հետ ձեռք ձեռքի տուած` պիտի շարունակէ այսուհետեւ եւս իր լայն բաժինը բերել այս գեղեցիկ երկրի վերելքին ու բագաւաճման:

 

Աննախընթաց Փոթորիկ Լիբանանի Մէջ

«Մակեդոնիա» Նաւը
Խլեակ Դարձած Է Այլեւս

Ահաւոր սաստկութեամբ փոթորիկը աւեր գործեց երէկ  Լիբանանի մէջ: Տեղատարափ անձրեւը, որոտումներու եւ կայծակներու շարունակական աղմուկը եւ մանաւանդ սաստիկ հովը, որ օդակայանին մէջ հասաւ ժամական 190 քմ արագութեան, իրիկուան փոթորիկը դարձուցին ամէնէն սաստիկը, որ Լիբանան երբեւիցէ ճանչցած ըլլայ օդերեւութաբանական արդիական կայանի հաստատումէն ի վեր:

Խալտէի օդակայանին երթեւեկը ժամանակաւորապէս խանգարուեցաւ եւ փոթորիկը գրեթէ անգործածելի դարձուց միջքաղաքային հեռաձայնային գիծերը: Պէյրութի մէջ, որ գրեթէ վերածուած էր լիճի, ահաւոր խճողում մը ստեղծուեցաւ: Բազմաթիւ ինքնաշարժներ, որոնց տիսթրիպիւթէօրին մէջ ջուր մտած էր, դադրեցան գործելէ, ծառեր տապալեցան ու նոյնիսկ գետին ինկան ելեկտրական գիծերու սիւներ: Շրջաններու մէջ ցանքը մեծապէս վնասուեցաւ:

Տորայի, Վաթա Մսէյթպէի եւ Ռաս Պէյրութի մէջ բազմաթիւ տուներ ողողուեցան անձրեւի ջուրերուն պատճառով եւ անոնց բնակիչները դիմեցին հրշէջներու օգնութեան:

Վերջապէս, պաղեստինցի գաղթականներու կայաններուն մէջ փոթորիկը կարեւոր վնասներ պատճառեց: Դամասկոս փողոցին մէջ կայծակ ինկաւ ելեկտրական սիւնի մը վրայ, որ վար իյնալով` կտրեց ելեկտրական թելերը եւ Ֆրըն Շըպպէքի հանրակառքի ելեկտրական գիծերը:

 

«Մակեդոնիա» Խլեակի Վերածուած

 

Բնականաբար «Մակեդոնիա» նաւը, որ 9 օրէ ի վեր Ռաս Պէյրութի ափին դիմաց անշարժացած է, շատ վտանգաւոր կացութեան մը մատնուեցաւ: Փոթորիկին պատճառով, զայն քաշելու համար ռըմորքըրներէն ոչ մէկը չկրցաւ մօտենալ եւ գործել:

Քորնիշէն արդէն կ՛երեւէր, թէ նաւուն վիճակը 24 ժամուան մէջ աւելի ծանրացած է: Բազմաթիւ մեթր բարձրութիւն ունեցող ալիքներ ամէն կողմէ կը զարնուին խլեակին` առանց սակայն նաւը կարենալ շարժելու: Կայմին վրայ ծածանող յունական դրօշակը անհետացած է:

Մասնագէտները կը յայտնեն, թէ նաւուն վրայ գտնուող բոլոր ապրանքները ներկայիս անգործածելի դարձած են: Այդ ապրանքներուն արժէքը կը հասնի 4 միլիոն լ. ոսկիի: Իսկ նաւը ինքնին կ՛արժէ 3 միլիոն: Նաւը այլեւս բոլորովին անգործածելի դարձած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES