Արուեստի Աշխարհէն. Անիծուած Գեղանկարներու Տարօրինակ Ուժը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ ՄԻՇՏ ՉԷ, ՈՐ ԿԸ ՀՄԱՅԵՆ ԿԱՄ «ՀԱՃԵԼԻ» ՑՆՑՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԵՆ: ԱՆՈՆՔ ԵՐԲԵՄՆ ՆԱԵՒ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ «ԽԵԼԱԳԱՐՈՒԹԵԱՆ»: ԳԷԹ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ «ԿԸ ՎԿԱՅԵՆ» ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ: ՉԱՐԱԳՈՒՇԱԿ, ԴԱՆԱԿՈԾՈՒԱԾ ԵՒ ԱՉՔԷ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀՈՒԱԾ ԳՈՐԾԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: ԱՐՈՒԵՍՏԻ «ՀԱՅՓԸՐԱԼԸՐՃԻՔ» ԿԱՅՔԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԿԱՐԳ ՄԸ «ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ» ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ:

piv-57-s185-57-r43

Էտուին Լենտսիըր «Մեն փրոփոզըզ, Կատ տիսփոզըզ» (իւղանկար, գծուած` 1864-ին):

Գեղանկար մը կրնա՞յ մեզ առաջնորդել խելագարութեան: Թէեւ ժամեր շարունակ Կոյայի «Սեւ գեղանկարներ»-ու սարսափազդու շարքը դիտելը կրնայ խանգարել մեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը, սակայն արուեստի գործերու խելագարութեան առաջնորդող ուժը առաւելաբար նախապաշարումի հետեւանք է: Այսուհանդերձ, Լոնտոնի համալսարանին Ռոյըլ Հալըուէյ բաժանմունքին մէջ կայ գեղանկար մը, որ տեւաբար ծածկուած է Բրիտանիոյ դրօշակով` այն մտավախութեամբ, թէ անոր պատկերած ահարկու տեսարանները կրնան խանգարել ուսանողի մը ուղեղը:

Էտուին Լենտսիըրի 1864-ին գծած «Մեն փրոփոզըզ, Կատ տիսփոզըզ» գեղանկարը իր ցուցադրութեան օրէն սկսեալ սարսափ պատճառած է` դէպի հիւսիսային բեւեռ Ֆրենքլինի տարաբախտ ուղեւորութիւնը պատկերող իր տեսարանով, ուր բեւեռային արջեր կը յօշոտեն հետախոյզին բեկուած նաւուն մնացորդները: Արջերէն մէկը բզկտուած կողոսկր մը սեղմած է իր ժանիքներուն մէջ, միւսը կը խոյանայ արիւնաթաթախ լաթի կտորի մը վրայ: Անգլիացի գրագէտ եւ քննադատ Ուիլիըմ Մայքըլ Ռոզեթթի այս գեղանկարին ի տես ողբացած է «ամէնէն տխուր եւ անդամահատուած մարմինը», որ երբեւիցէ տեսած է: Զարմանալի չէ, որ Ֆրենքլինի այրին յուսաբեկուած էր զայն տեսնելով: Ոմանք նոյնիսկ հարց տուած էին, թէ արդեօք Լենտսիըր, որ ծանօթ էր իր ազնուական շուներու պատկերումներով, արդեօք սկսած էր կորսնցնե՞լ իր մտային հաւասարակշռութիւնը:

Համալսարանին արուեստի գործերու պատասխանատուն` Լորա ՄաքՔըլոք կը բացատրէ. «Ոչ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ սկիզբ առած է գեղանկարը ծածկելու սովորութիւնը, սակայն 1984-ին լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, կը թուի, թէ ասիկա տեղի ունեցած է 1970-ական տարիներուն, երբ տարաձայնութիւններ կը շրջէին, թէ ուսանող մը քննութեան մը ընթացքին ուղղակի գեղանկարին նայելով խելագարած էր եւ` անձնասպան եղած»: Կ՛ըսուի, թէ այս ուսանողը իր անաւարտ քննութեան թուղթին վրայ արձանագրած էր` «բեւեռային արջերը ստիպեցին, որ այս արարքը գործեմ» բառերը, թէեւ ոչ մէկ ձեւով փաստուած է, թէ ասիկա պարզապէս քաղաքային առասպել մը չէ: Գեղանկարին մէկ տարբերակը այժմ կը ցուցադրուի Քալկըրիի Կլենպաու թանգարանին մէջ, ուր մաս կը կազմէ «Անհետացող սառոյցը. ալպեան եւ բեւեռային բնանկարներ արուեստի մէջ» վերնագիրով ցուցահանդէսի մը` վերակենդանացնելով չարագուշակ պատմութիւնը:

Իլիա Ռեփինի 1885-ին գծած «Իւան Սարսափելին եւ զաւակը` Իւան» գեղանկարը դանակոծուած էր 1913-ին:

Իլիա Ռեփինի 1885-ին գծած «Իւան Սարսափելին եւ զաւակը` Իւան» գեղանկարը դանակոծուած էր 1913-ին:

Գրեթէ իւրաքանչիւր թանգարանի մէջ կարելի է հանդիպիլ արուեստի անիծեալ գործերու եւ իրերու: Լոնտոնի Բնութեան պատմութեան թանգարանին մէջ կայ անիծուած մեղեսիկ (էմըթիսթ) մը: Շիքակոյի Ֆիլտ թանգարանին մէջ կայ անիծուած երկնաքար մը: Յաճախ խելագարութեան առասպելներով պատուած են արմատական արուեստի գործեր: Կ՛ըսուի, թէ 1874-ին տպաւորապաշտ արուեստի գործերու ցուցահանդէս մը դիտելէ ետք այցելու մը զայրոյթով փողոց վազած եւ խածած է անցորդները:

Կայ նաեւ Իլիա Ռեփինի «Իւան Սարսափելին եւ զաւակը` Իւան» գեղանկարը, որ դանակոծուած էր 1913-ին:  Ապրամ Պալաշով երեք  անգամ հարուածած էր զայն` պոռալով. «Վե՛րջ դրէք արիւնահեղութեան»: Զայն քաշքշելով տարած էին մտային հիւանդներու յատուկ կեդրոն մը: Հաւանական է, որ Պալաշով արդէն անհաւասարակշիռ էր, երբ նայած էր Իւանի արիւնարբու աչքերուն մէջ, սակայն դէպքը արձանագրուած էր իբրեւ ծայրայեղօրէն վայրագ հակազդեցութիւն մը:

Ռեփինի եւ Լենտսիըրի գեղանկարները պարզապէս վայրագ պատկերներ չէին: Արուեստագէտները նաեւ քննադատութիւններ կ՛ուղղէին իրենց երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակին: Ռեփին ցայտուն կերպով կը պատկերէր թագաւորական իշխանութեան ի գործ դրած սպանդը, Լենտսիըր կը բացայայտէր վիքթորեան ժամանակներու «անսխալական» Անգլիոյ ձախողութիւնը: Ֆրենքլինի ուղեւորութեան հետ առնչուած վերապրումի եւ մարդակերութեան պատմութիւնները ցնցած էին երկիրը, ուր բարձրացած էր ժխտումի ալիք մը: Ֆրենքլինի երկու նաւերուն անհետացումին ուրուականով հալածուած էին յաջորդ տասնամեակներու հետազօտական արշաւները: (Նաւերէն մէկը ի վերջոյ յայտնուեցաւ այս տարի): Թերեւս ամբողջական պարտութեան այս արիւնալի ոգեկոչումն էր, որ ծնունդ տուած էր նախապաշարումին: Գեղանկարը կը փոխանցէր հոգեխռով պատգամ մը` քննութեան ներկայացած համալսարանի ուսանողներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES