Յուշահամալիրին Մէջ. ՀՅԴ ԼԵՄ-էն Եւ ԶՈՄ-էն 51 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն
ՀՅԴ 124-ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին երէկ` հինգշաբթի, 20 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի Մուսա լերան նահատակներուն նուիրուած յուշահամալիրին մէջ ՀՅԴ ԼԵՄ-էն եւ ԶՈՄ-էն 51 նորագիրներ դաշնակցականի իրենց երդումը կատարելով միացան ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ողջունեց նորագիրները եւ անոնց երդման արարողութեան Այնճարի մէջ կազմակերպումը:
Այնճար հայաւանի դերն ու կարեւորութիւնը ընդգծելով` Խաչերեան շեշտեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս հանգրուանին դաշնակցական յանձնառութեան կարեւորութիւնը:
Ան իր խօսքը եզրափակեց նորագիրներուն թելադրելով ընթանալ Մուսա լերան հերոսներուն գաղափարական ուղիով եւ զոհաբերութեան գիտակցութեամբ:
Նորագիրներուն երդումը ընդունեց օրուան կնքահայր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան: Այս առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ Նալպանտեան անդրադարձաւ դաշնակցական մարդը բնորոշող յատկանիշներուն` շեշտը դնելով անշահախնդիր զոհաբերութեան, նուիրումի, ինչպէս նաեւ հայրենասիրութեան արժանիքներուն վրայ:
Նալպանտեան ընդգծեց Հայաստանի եւ Հայ դատի ի խնդիր անսակարկ աշխատելու անհրաժեշտութիւնը: Իր պատգամի աւարտին ան նորագիրներու սերունդը կոչեց «Մուսա լերան սերունդ» անունով` ի յիշատակ Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն:
Երդման արարողութենէն ետք «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն` ի պատիւ նորագիրներու:

