Զօրավար Սեպուհի Աճիւններուն Սափորը Ամփոփուեցաւ Եռաբլուրի Մէջ

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, 20-րդ դարու սկիզբի ազգային ազատագրական պայքարի, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նուիրեալ զօրավար Սեպուհի` Արշակ Ներսիսեանի աճիւններուն սափորը, անոր մահէն 7 տասնամեակ ետք` երէկ, ամփոփուեցաւ  Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ: Սափորը Նիւ Եորքէն  Հայաստան տեղափոխուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ջանքերով:

ՀՅԴ մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան անդրադառնալով այս հարցին կը նշէ, թէ  «զօրավար Սեպուհը ապրած ու գործած է իբրեւ դաշնակցական եւ այս պարագային մարդուն դաշնակցութենէն զատելը նոյնն է, ինչպէս ոսկորը զատել միսէն: Բայց ցաւօք հայրենիքին մէջ հերոսին յուղարկաւորութեան կազմակերպիչները` գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, ըրած էին այդպիսի փորձ: Դաշնակցութիւնը այս արարողութեան մասին տեղեակ եղաւ ձեռնարկին նախորդ օրը միայն եւ այն ալ լրատուամիջոցներէն»:

Այս առնչութեամբ Արտաշէս Շահբազեանի յօդուածը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

 

Share this Article
CATEGORIES