Հաղորդագրութիւն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, տարեկան իր աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս կը կազմակերպէ դրամահաւաք ռատիոթոն: «Դէպի Արցախ» կարգախօսով կազմակերպուած համահայկական դրամահաւաքի հանգանակուած գումարը այս տարի եւս պիտի յատկացուի Վարդենիս- Մարտակերտ մայրուղիի շինութեան` ամբողջացնելով երկրորդ եւ վերջնական փուլի աշխատանքները:
Անցեալ տարուան համահայկական դրամահաւաքին հանգանակուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ իրականացան հողի մշակման եւ հարթման գլխաւոր աշխատանքները: Մօտաւորապէս 116 քմ երկարութիւն ունեցող մայրուղին ունի 10 մեթր լայնք, որուն 7 մեթրը երթեւեկի համար նախատեսուած կուպրապատ մասն է:
Վարդենիս- Քարվաճառ ճանապարհի սկիզբի 12 քիլոմեթրը կուպրապատ է: Իսկ ճամբու մնացեալ հատուածը` մինչեւ Մարտակերտ, ծածկուած է հաստ եւ խտացած հողի շերտով, որ ինքնաշարժներու երթեւեկին համար գործածելի է:
Այս տարուան դրամահաւաքին հանգանակուած գումարին շնորհիւ պիտի աւարտի վերակառուցման երկրորդ հանգրուանով նախատեսուած` ճանապարհի մնացեալ մասին կուպրապատումն ու յարդարումը:
Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցումը` իբրեւ ռազմավարական ծրագիր, այլընտրանքային կապ կը հաստատէ մեր երկու հանրապետութիւններուն միջեւ: Նոր մայրուղին ոչ միայն պիտի աշխուժացնէ ճամբու երկայնքին գտնուող 22 մեծ ու փոքր գիւղերու կեանքը, այլեւ պիտի խթանէ զբօսաշրջութիւնը եւ պիտի նպաստէ մեր երկու հանրապետութիւններուն տնտեսութեան բարգաւաճման:
Լայնածաւալ այս ծրագիրը իր աւարտին հասցնելու, ինչպէս նաեւ տարաբնոյթ այլ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով հիմնադրամի աշխարհասփիւռ մարմինները կը կազմակերպեն դրամահաւաք: Իր կարգին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը իր տարեկան դրամահաւաք ռատիոթոնը կը կազմակերպէ հինգշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2014-ին:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, համախումբ մասնակցութիւն բերելու այս դրամահաւաքին եւ թէկուզ փոքր նուիրատուութիւններով մասնակից դառնալու ազգային մեծ նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրի իրագործման:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 20 նոյեմբեր 2014

