Մարտական Դիրքի Վրայ Ազրպէյճանցի Զինուոր Մը Սպաննուած Է

Սենոր Հասրաթեան
Երէկ կէսօրուան մօտ մարտական դիրքի վրայ սպաննուած է ազրպէյճանական բանակի 19-ամեայ զինուոր Ռուստամ Ազիզով:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ զինուորը սպաննուած է հայկական կողմին հետ փոխհրաձգութեան ընթացքին:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ յստակացուցած, թէ հայկական ուժերու հետ սահմանագիծի ո՛ր հատուածին մէջ տեղի ունեցած է միջադէպը:
Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի ազրպէյճանցի զինուորի մահուան հետ:
Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան` աւելցնելով, որ հայկական ուղղաթիռի կործանման միջադէպէն ետք սահմանագիծին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտումները կը շարունակուին, որուն պատճառով հայկական կողմը չի յաջողիր մօտենալ ուղղաթիռի կործանման վայրին:

