ԵԱՀԿ-ի Ներկայացուցիչը Ազգային Ժողովին Մէջ Մերժեց Մեկնաբանել Ուղղաթիռի Դէպքը

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ Թոտիէ Ստոյեք լրագրողներու խնդրանքով, երէկ խօսելով Ազրպէյճանի կողմէ կործանած ուղղաթիռին մասին, նշած է, որ զերծ կը մնայ այդ միջադէպը մեկնաբանելէ եւ աւելցուցած է, որ միայն կրնայ յղում ընել Մինսքի խմբակի յայտարարութեան: «Մինսքի խմբակը կը փորձէ մտնել դէպքին վայրը, սակայն տակաւին չէ յաջողած, բայց կը շարունակէ աշխատիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչ, կատարուածը Ժընեւեան հռչակագիրի  ծիրին մէջ  ինչպէ՞ս կը գնահատէ, ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչը պատասխանած  է. «Ես կ՛ուզեմ մտահոգութիւն յայտնել, որ տակաւին կարելիութիւն չէ ընձեռուած մօտենալու դէպքին վայրին: ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչները եւ աշխատակիցները բոլոր կարելի քայլերը կ՛ընեն յաջողութեան հասնելու համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES