Բալայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ Քողարկել Իր Փաստերու Բացակայութիւնը»

Տիգրան Բալայեան

Տիգրան Բալայեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, մեկնաբանելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան շահարկումները, մասնաւորապէս Պաքուի կողմէ  քսան տարիէ աւելի մոռցուած ազրպէյճանական կործանած ուղղաթիռի պատմութիւնը, յայտարարած է. «Վարժական թռիչք իրականացնող Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռի սադրիչ կործանման հետեւանքով առերեսուելով միջազգային հանրութեան հասցէագրուած արձագանգին` Ազրպէյճան կը փորձէ սին արդարացումներ գտնել, մտացածին մեղադրանքներով քողարկել իր փաստերու բացակայութիւնը»:

Այս մասին գրուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES