Լիբանանի Անկախութեան Առիթով. «Ահաբեկչութեան Դէմ Մեր Պատերազմը Դժուար Է Ու Երկար, Իսկ Յաղթանակը Ներքին Դիմադրողականութեան Կարիք Ունի» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ
Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ արտասանեց իր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց նախագահական ընտրութեան եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զօրակցութեան կարեւորութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան ցաւ յայտնեց, որ այս տարի առեւանգուած բանակայինները պիտի չկարենան ազատօրէն նշել երկրին անկախութիւնը…
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի անկախութեան պահպանումը միշտ ալ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու բախած է, սակայն լիբանանցիները մեծ զոհողութիւններով կրցած են պահպանել զայն:
«Ներկայիս մենք կը դիմագրաւենք լուրջ հարցեր, որոնք են մեր ժողովրդավարական վարչակարգին խանգարումը, քաղաքական կեանքին սառեցումը, երկխօսութեան դադրեցումը, ինչպէս նաեւ մեր վրայ շրջակայ երկիրներուն տագնապալի կացութեան ունեցած հետեւանքները», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան քաղաքական որեւէ ուժի կողմէ առաջարկուած երկխօսութիւն կամ նախաձեռնութիւն պէտք է ընդունիլ եւ դրական վերաբերիլ անոր նկատմամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին ճնշումը նուազեցնելու առիթ մը ստեղծել եւ մերձեցումի ընդմէջէն ներքին լիբանանեան կացութիւնը բարելաւել:
«Ահաբեկչութեան դէմ մեր պատերազմը դժուար է ու երկար, իսկ յաղթանակը ներքին դիմադրողականութեան կարիք ունի», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

