Ընտրական Օրէնքի Մշակման Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Վերսկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը
Ընտրական օրէնքի նախագիծ մը պատրաստելու յատուկ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ վերսկսաւ իր աշխատանքներուն:
Ենթայանձնախումբին գումարած նիստին նախագահեց երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ` ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզիի, Ալի Ֆայեատի, Ժորժ Ատուանի, Ալեն Աունի, Սերժ Թուրսարգիսեանի, Ահմետ Ֆաթֆաթի եւ Զիատ Քատիրիի:
Նիստէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբէն ոչ մէկ յայտարարութիւն կամ հաղորդագրութիւն պիտի բխի. ան աւելցուց, որ ենթայանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին` խորհրդարանին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

