Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Նպատակով Տարուող Աշխատանքին Կարեւորութիւնը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտած է, թէ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով ճիգերը կը շարունակուին` այդ նպատակով կազմուած նախարարական ենթայանձնախումբին ընդմէջէն:
Ան յոյս յայտնեց, որ այդ ճիգերը արդիւնաւորուին:
Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց լիբանանեան պետութեան կողմէ 2000-2011 (2011-ը ներառեալ) հիւանդանոցներուն համար գոյացած նիւթական պարտաւորութիւնները քննելու յատուկ օրինագիծ մը մշակել:
«Կառավարութիւնը որոշեց պետական երաժշտանոցին 4 միլիառ եւ 129 միլիոն լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար մը տրամադրել, ընդունեց Արդարութեան խորհուրդի երկու անդամներուն հրաժարականները, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարարին նախագահութեամբ կազմեց յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ մինչեւ 2016 վերջ տալ մանուկներու աշխատանքին», ըսաւ Ռամզի Ժրէյժ:

