Լիբանան` Դոկտ. Մարալ Կիտանեանի Անձով Դարձաւ Վիճակագրական Արաբական Հիմնարկի Կազմած Յանձնախումբին Նախագահը

1120_Dr.-Maral-Guidanian-420x315Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան  ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան 18 եւ 19 նոյեմբերին Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Վիճակագրական վարժեցումի եւ հետազօտութեանց արաբական հիմնարկի վարչութեան 39-րդ նիստին:

Նիստին աւարտին կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ ստանձնեց հիմնարկին օրէնքները արդիականացնելու պարտականութիւնը` կազմակերպական եւ գործադիր աշխատանքի առումով հիմնարկին կարողականութիւնը բարձրացնելու նպատակով:

Այս յանձնախումբին աշխատանքը պիտի ըլլայ հիմնարկին վարչական, ելեւմտական եւ գործադիր մարմինի օրէնքները արդիականացնել:

Յանձնախումբին նախագահութիւնը ստանձնած է Լիբանանի հանրապետութիւնը, ներկայացուած` դոկտ. Կիտանեանի անձով:

Յանձնախումբին անդամ միւս երկիրներն են Եգիպտոսը, Քուէյթը, Յորդանանը եւ Եմէնը:

Share this Article
CATEGORIES