«Նախագահական Ընտրութեան Նիստին Կը Մասնակցիմ, Եթէ Բոլոր Պլոքները Միայն Իմ Եւ Ժահժահի Թեկնածութեան Հիման Վրայ Քուէարկեն» Յայտնեց Զօր. Աուն

1120_Michel AounՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն նախանցեալ երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց մասնակցելու նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստին, սակայն պայմանաւ որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները նկատի ունենան հիմնական երկու թեկնածուներ` ինք եւ Սամիր Ժահժահը:

«Նախագահական ընտրութեան նիստին կը մասնակցիմ, եթէ բոլոր պլոքները միայն իմ եւ Ժահժահի թեկնածութեան հիման վրայ քուէարկեն, առանց երրորդ թեկնածու մը առաջադրելու», ըսաւ ան:

Առ ի պատասխան զօր. Աունի յայտարարութիւններուն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը յարգէ զօր. Աունի կարծիքը, սակայն կը հաւատայ ժողովրդավարական մրցակցութեան իրենց իրաւունքին:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նշեց, որ զօր. Աուն փաստած է, թէ ինք նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու Հըզպալլայի թեկնածուն է եւ ոչ թէ նախագահական ընտրութեան թեկնածուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES