Ապու Ֆաուր Կը Պահանջէ Փակել Առանց Արտօնագիրի Գործող Ըմպելի Ջուրի Բոլոր Ընկերութիւնները
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պահանջեց փակել առանց արտօնագիրի գործող ըմպելի ջուրի բոլոր ընկերութիւնները:
Միւս կողմէ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէններ վաճառող շուրջ 50 հաստատութիւններու հարցը արդէն իսկ փոխանցուած է դատական իշխանութիւններուն:
Համմուտ յայտնեց, որ այս մասին ընդհանուր դատախազութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ պիտի ամբողջացնէ իր բացած հետաքննութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

