Ապպաս Իպրահիմ. «Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Առումով Սուրիական Կողմը Պատրաստ Է Գործակցելու»

1120-Abbas_IbrahimԸնդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով սուրիական իշխանութիւնները պատրաստ են գործակցելու:

Ան շեշտեց, որ Դամասկոս կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ինք այս առնչութեամբ երաշխիքներ ստացած է սուրիական կողմէն:

Միւս կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման բանակցութիւնները վարող քաթարցի բանագնաց Ահմետ Խաթիպ ընդգծած է, որ ինք երաշխիքներ ստացած է ՏԱՀԵՇ-էն եւ Ժապհաթ Նուսրայէն, թէ իրենք ոչ մէկ բանակային պիտի գլխատեն:

 

Share this Article
CATEGORIES