Ժեմայէլ. «Զօր. Աուն Եւ Ժահժահ Չեն Կրնար Նախագահ Ընտրուիլ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի շատ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտելու պատասխանատուութիւնը:
«Ինչ ալ ըլլան այսպէս ըսուած արտաքին ճնշումները, լիբանանցիները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը եւ ընտրեն հանրապետութեան նախագահը», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու վտանգը մեծ է չորս առումով` ազգային գործակցութեան, սահմանադրական հաստատութիւններու գործունէութեան, ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն աշխուժութեան:
Ժեմայէլ մերժեց բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ նախագահական ընտրութեան հարցը զուտ քրիստոնէական հարց է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կայ ժողովրդավարութիւն եւ հաստատելով, որ 1943-էն ի վեր քրիստոնեաները ոչ մէկ անգամ նախագահական համախոհական թեկնածու ունեցած են:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ չեն կրնար հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ, հետեւաբար պէտք է մտածել երրորդ անձնաւորութեան մը շուրջ համաձայնելու մասին:

