ՄԱԿ-ի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ներկայացուցիչը Կը Պահանջէ Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Նկատել
ՄԱԿ-Ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Ապտալլա Մոալլիմի յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով միջազգային գործակցութեան:
Մոալլիմի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա բազմիցս եւ տարբեր առիթներով զգուշացուցած է Սուրիոյ մէջ ապահովական կացութեան բարդացումէն` աւելցնելով, որ այդ առումով միջազգային ընտանիքը լուռ մնացած է:
Այս շրջագիծին մէջ ՄԱԿ ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով շրջանային եւ միջազգային գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Մոալլիմի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել` ընդգծելով, որ Ռիատ կը շարունակէ ամէն իմաստով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ:
CATEGORIES Լիբանանեան

