Համատէ. «Լահուտի Նպատակն Էր Տիրել Երկրին Բոլոր Իշխանութիւններուն»
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը Լա Հէյի մէջ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով շարունակեց հարցաքննել երեսփոխան Մարուան Համատէն:
Համատէ յայտնեց, որ Լիբանանի նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի նպատակն էր տիրել երկրին բոլոր իշխանութիւններուն եւ կը ցանկար, որ կառավարութիւնը հետեւի իրեն եւ սուրիական վարչակարգին:
Համատէ յայտնեց, որ Հարիրի մնայուն կերպով կը փորձէր հանդարտեցնել սուրիացիները, որոնք զայրացած էին ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին որդեգրումէն:
Համատէ շեշտեց, որ սուրիական վարչակազմը Հարիրիին մտածել տուաւ, որ ինք լիբանանեան իշխանութեան մաս պիտի կազմէ` նախագահ Լահուտի պաշտօնավարութիւնը երկրորդ նստաշրջանով մը երկարաձգելու համաձայն գտնուելէ ետք:
Ան յայտնեց նաեւ, որ Քըրնեթ Շեհուանի հանդիպումը, որ կը վայելէր մարոնի համայնքի Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին զօրակցութիւնը, կը հանդիսանար քրիստոնեայ ղեկավարներէ բաղկացած հզօր ընդդիմութիւն մը:

