Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի գումարէ իր նիստը` նախագահութեամբ դատաւոր Իսամ Սլէյմանի: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ խորհդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու օրէնքը վիճարկելու պահանջը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 25 նոյեմբերին եւ որ պիտի քննարկէ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող ուտեստեղէնի թղթածրարը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որ շեշտեց, թէ ոեւէ արժանապատիւ լիբանանցի պէտք է զօրակցի լիբանանեան բանակին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կարգ մը երկիրներու մէջ սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու ճիգերը մտահոգիչ են` աւելցնելով, որ հիմնական մտավախութիւնը այն է, որ այդ ջանքերը սահմանափակուին միայն քրիստոնեայ քաղաքացիներուն բնակեցման վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ եթէ իրենց հրաժարականներուն ներկայացումով կարելի պիտի ըլլայ չեղեալ նկատել խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումի որոշումը, ապա իրենք պատրաստ են հրաժարելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու նպատակով սկսած են արձանագրուիլ ամերիկեան «օրհնութիւն» վայելող ֆրանսական քայլեր, որոնք ուղղուած են Իրանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական անձնաւորութիւններ գաղտնի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարեն սուրիական դեսպանատան հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրինագիծի մը մշակման պարագային, իրենք պատրաստ են խորհրդարանի երկարաձգուած պաշտօնավարութեան վերջ տալու եւ նոր օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ խստիւ դատապարտեց Պթատհիի ոճիրը եւ կոչ ուղղեց զայն պահելու իր բնական չափին մէջ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը կը շարունակէ ամբողջական հովանաւորութեամբ Պեքաայի մէջ ապահովական միջոցառումներ որդեգրել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան վերաբերող տեղեկութիւնները կը մերժէ բացայայտել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ահաբեկչութեամբ զբաղող կողմերն ու կազմակերպութիւնները քաղաքական սպանութիւնները կ՛օգտագործեն իբրեւ միջոց` իրականացնելու համար իրենց նպատակները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Պէյրութի սպանդանոցը փակելու որոշումը բաւական ուշ տրուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լա Հէյի մէջ երեսփոխան Մարուան Համատէի կատարած վկայութիւնները զինք եւ անոր մօտիկները կրնան սպանութեան ենթարկել:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութիւնը կապուած է շրջանին մէջ արձանագրուելիք զարգացումներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ քաղաքական ուժերուն միակ ընտրանքը ազգային երկխօսութիւնն է, եւ այդ իմաստով լիբանանեան քաղաքական հեղինակութիւնները ճիգ չեն խնայեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ ընտրական օրինագիծին շուրջ գոյանալիք համախոհութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին քաղաքական պայմաններուն փոփոխութեան հետ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու հաւանականութիւնները սահմանափակ դարձած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ Պեքաայի ապահովական ծրագիրը պէտք է ամբողջական կերպով գործադրուի, ինչպէս որ հիւսիսային Լիբանանի պարագան էր:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը կրնայ յաւելեալ վտանգի ենթարկուիլ:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ առաջնորդէ ազգային երկխօսութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը գործադրել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սելիմ Քարամ մաղթեց, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շարունակէ ուտեստեղէնի մարզին փտածութեան դէմ իր սկսած պայքարը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES