«Թուրքիոյ Հետ Ռուսիոյ Յարաբերութիւնները Կը Ստանան Ռազմավարական Հեռանկար» Յայտարարեց Վլատիմիր Փութին

459233322Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ կարեւոր նկատեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց օգտագործումը` շեշտելով, որ այդ կապերը ռազմավարական հեռանկար ստացած են եւ կը թեւակոխեն նոր հանգրուան մը:

Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպան Ումիթ Եարտըմի հետ իր հանդիպումին ընթացքին կատարած  իր յայտարարութեամբ Ռուսիոյ նախագահը շեշտեց իր եւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ գոյութիւն ունեցող  սերտ գործակցութիւնը եւ աւելցուց. «Միացեալ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենանք Թուրքեւռուս ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդի երրորդ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1 դեկտեմբերին»:

Share this Article
CATEGORIES