Ըստ Ազրպէյճանցի Ղեկավարի Մը. Ազրպէյճան Մարդուժի Եւ Ֆինանսաւորումի Շտեմարան Մըն Է ՏԱՀԵՇ-ի Համար
Ռուսական «Ռազմավարական մշակոյթի կեդրոն» լրատուական կայքը Ազրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութեանց հետ գործակցող պետական յանձնախումբի նախագահ Մուպարազ Կուրպաթլիի վերագրելով իր յայտարարութիւնը հաղորդեց, որ Ազրպէյճան մարդուժի եւ նիւթական զօրակցութեան ու ֆինանսաւորումի շտեմարան մըն է ՏԱՀԵՇ-ի համար:
Ըստ Կուրպաթլիի, նշեալ կրօնական կազմակերպութիւնները իրենց ձեռնարկած առեւտրական գործառնութեանց եկամուտի մէկ մասը կը յատկացնեն Սուրիոյ մէջ կռուող ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն: Այս մարզի մասնագէտ Այտըն Ալի Զատէի համաձայն, այդ կազմակերպութեանց տարեկան եկամուտը կը հաշուէ շուրջ հինգ միլիոն ամերիկեան տոլար:
Այդ գումարը հիմնականին մէջ կը գործածուի ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութեան, ամսաթոշակներու եւ պատասխանատուներու կաշառման համար: Ըստ Ալի Զատէի, իսլամական արմատական գաղափարաբանութեան Ազրպէյճանի մէջ տարածումը կը վերագրուի ընկերային անիրաւութեանց, ժողովրդային զանազան աւանդութեանց, աղքատութեան եւ անգործութեան:

