«Թուրքիա Ամէն Գնով Պիտի Զօրակցի Իրաքին» Կ՛ըսէ Ահմեթ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ պաշտօնական այյցելութեամբ հասաւ Պաղտատ, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցներուն հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքները կազմեցին շրջանի վերջին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Այս առիթով Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասում յայտնեց, թէ կը յուսայ աւելի սերտացնել կապերը Թուրքիոյ հետ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ՏԱՀԵՇ-ի դիմակալման: Նման կեցուածք ցուցաբերեց նաեւ Իրաքի վարչապետ Ապատի` յայտնելով, թէ սերտ գործակցութեան զարկ պիտի տրուի դրացի երկու պետութեանց միջեւ, յատկապէս ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեանց մարզերուն մէջ: Նմանապէս Տաւութօղլու յայտնեց, թէ Թուրքիա ամէն ձեւով պիտի զօրակցի Իրաքին` դիմակալելու համար ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքը:
CATEGORIES Միջազգային

