Բախումները Երէկ Շարունակուեցան Երուսաղէմի Մէջ

1120_JerusalemԱնձ մը անծանօթներու կողմէ դանակոծուեցաւ երէկ  երեկոյեան Երուսաղէմի մէջ, իսկ Եաֆա թաղամասին մէջ չորս հրեայ կիներ կազային յարձակում գործեցին պաղեստինցի վարորդի մը դէմ:

Միւս կողմէ, բախումները շարունակուեցան երէկ Երուսաղէմի զանազան թաղամասերուն մէջ: Իսրայէլեան իշխանութիւնները դիւրացուցին իսրայէլացիներու զինման միջոցառումները` մեղմացնելով զէնք կրելու արտօնագիրի պայմանները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ ամէն տարիքի իսլամներ կրնան մասնակցիլ ուրբաթ օր մզկիթներու մէջ տեղի ունենալիք նամազի արարողութեան: Նախապէս արգիլուած էր յիսուն տարեկանէն վար տղամարդոց մասնակցելու  նման արարողութեանց` ապահովական պատճառներով:

Լիպըրմանի Դէմ  Մահափո՞րձ

Իսրայէլեան ապահովական ցանցի` «Շապաք»-ի աղբիւրներ յայտնեցին, թէ երեք պաղեստինցիներ ձերբակալուած են Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Ավիկտոր Լիպըրմանի դէմ մահափորձ կազմակերպելու յանցանքով:  Նոյն աղբիւրները յստակացուցին, թէ երեք պաղեստինցիները կը ծրագրէին «Ար.փէ.ժէ» տիպի հրթիռներով ռմբակոծել Լիպըրմանի բնակարանը` Կազայի վերջին դէպքերուն ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES