ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներ Արգելափակուած` Թրքական Բանտերու Մէջ
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ երէկ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի 16 զինեալներ արգելափակուած են թրքական բանտերու մէջ ահաբեկչական արարքներու յանցանքով: Ան մերժեց բացայայտել ՏԱՀԵՇ-ի բանտարկուած զինեալներուն անունները, հակառակ այս գծով թուրք խորհրդարանականներու պնդումներուն: Թուրք նախարարը յայտնեց նաեւ, թէ անոնցմէ երեքը ներկայիս դատավարութեան կ՛ենթարկուին անցնող մարտին թրքական Նիտա շրջանին մէջ պատահած պայթումին գծով, ուր թուրք ապահովական երկու տարրեր սպաննուած էին:
ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ
Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ երէկ երեկոյ հրապարակած մէկ յայտարարութեամբ ստանձնեց չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին Իրաքի Քերքուք նահանգին մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Նոյն աղբիւրը յայտնեց նաեւ, որ անձնասպանական այդ գործողութիւնը կատարողը կը կոչուի Ապտել Ռահման Քուրտի: Նշենք, որ այդ գործողութեան զոհ գացած էին չորս հոգի եւ արձանագրուած էին վիրաւորներ` նիւթական ծանր կորուստներու կողքին

