ՔԱՀԼ «Հայ Տարեցներու Տուն». «Ուրախացիր Եւ Ուրախացուր» Տօնավաճառ
Կազմակերպութեամբ ՔԱՀԼ «Հայ տարեցներու տան» տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, հինգշաբթի, 20 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ուրախացիր եւ ուրախացուր» տօնավաճառը` հաստատութեան սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Տօնավաճառին ընթացքին վաճառուեցան համեղ անուշեղէնի տեսակներ, խմորեղէններ, որոնք պատրաստուած էին տարեցներու տան խոհանոցին վարպետ խոհարարներուն կողմէ, հայկական ընտիր գինիներ, ինչպէս նաեւ` Կաղանդին վերաբերող գեղեցիկ զարդարանքներ:
Շաքէ Գարայեան, որ մաս կը կազմէ կազմակերպող տիկնանց յանձնախումբին, լուսաբանեց տօնավաճառին հիմնական նպատակներէն մէկը, որն է հայորդիները մօտէն ծանօթացնել հաստատութեան և տարեցներուն: Ան նաեւ մեկնաբանեց «Ուրախացիր եւ ուրախացուր» խորագիրը` ըսելով, որ անոնք, որոնք անձամբ մասնակից կը դառնան տօնավաճառին, թէ՛ անձնական գոհունակութիւն կը ստանան, թէ՛ ալ կ՛այցելեն սպասող հայ ծերունիներուն` անոնց պարգեւելով յոյս եւ ուրախութիւն:
Յիշեցնենք, որ տօնավաճառը շարունակուեցաւ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00:
Այստեղ նշենք, որ Հայ տարեցներու տան խոհանոցը պատրաստ է ընդառաջելու հայորդիներու ճաշի բոլոր տեսակի ապսպրանքներուն:

