Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 124-Ամեակին Առիթով` Զրոյց ՏարբերՍերունդներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Զրոյցը վարեց` ՏՕՆԻԿ Տ.

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը արդէն իսկ կը նշէ իր ստեղծման 124-ամեակը` աւելի քան մէկ դարու անխոնջ եւ նուիրական գործունէութիւն յանուն ժողովուրդի ծառայութեան եւ ազգային վսեմ նպատակներու իրականացման: Ամէնուրեք եւ բոլոր ժամանակներուն Դաշնակցութիւնը իր գործով ապացուցեց, որ ինք տէրն ու ծառան է հայութեան, արթուն պահակն է Հայ դատին ու հայկական պահանջատիրութեան, խիզախ ու զոհուող զինուոր է հայրենիքին:

Դաշնակցութիւնը եղած է բոլորին կուսակցութիւնը, իւրաքանչիւր դաշնակցական այս կառոյցին մէջ ընելիք ու տալիք ունեցած է եւ ունի` կը մնայ միայն հաւատալ ու նուիրուիլ:

Լիբանանի մէջ Դաշնակցութեան 124-ամեակի տօնակատարութեան առիթով «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու հետ` Դաշնակցութեան ծրագիրի այժմէականութեան, երիտասարդներէն եղած ակնկալութիւններուն, երիտասարդներուն ունեցած սպասելիքներուն եւ ժամանակներու փոփոխութեամբ ծագած նորանոր մարտահրաւէրներուն մասին:

Զրոյցին մասնակցեցան Երուանդ Փամպուքեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Փաթիլ Եսայեան (ԶՈՄ) եւ Նշան Կօշկակարեան (ԼԵՄ):

Ստորեւ` հարցազրոյցին առաջին բաժինը:

«ԱԶԴԱԿ».- Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ աշխատած էք տարբեր սերունդներու հետ, որոնք բոլորն ալ իբրեւ աշխատանքային հիմք ունեցած են ՀՅԴ-ի ծրագիրը: Արդեօք այսօր այս ծրագիրը համահո՞ւնչ է ներկայ ժամանակներուն:

Երուանդ Փամպուքեան

Երուանդ Փամպուքեան

ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ.- 1892 թուականին որդեգրուած ՀՅԴ ծրագիր-կանոնագիրը գրեթէ անփոփոխ մնաց. գրեթէ անփոփոխ կ՛ըսեմ, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին` ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին այնտեղ ծրագրային փոփոխութիւն մը յառաջացաւ քաղաքական պահանջներուն մէջ` փոխարինուելով ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարով, եւ ատիկա մնաց մինչեւ 1970-ական թուականները: Ըսեմ, որ այդ հանգրուանին երկար ատեն այն ժամանակուան երիտասարդներուս մտածումով այնպէս էր, որ մեր ծրագիրը ծալուած մէկդի դրուած է, որովհետեւ այդ ծրագիրով դաստիարակութիւն չէր ըլլար, այդ հանգրուանին շարքերը մտնող երիտասարդները եւս ծանօթ չէին ծրագիրին: Կայ աւելին, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Պաղ պատերազմի տարիներուն սոցիալիզմ-ընկերվարութիւն բառը շատ խորթ կը հնչէր, հիմա ալ որոշ չափով այդպէս է, բայց այն ժամանակ համայնավարութեան համազօր կը նկատուէր. այն ատեն յարաբերութիւնները այնքան լարուած էին, որ մեր ընկերները պիտի չուզէին, որ մեր անունը կապուած ըլլար ընկերվարութեան, ատոր համար ալ որդեգրուած էր մեր հաւատամքը. ասիկա Ընդհանուր ժողովի մը ընթացքին որդեգրուած յայտարարութիւն մըն էր, որուն ծանօթ էինք բոլորս: 1960-70-ական թուականներուն կարիք զգացուեցաւ, եւ երիտասարդութիւնը այս իմաստով առաջնակարգ դեր ունեցաւ, որ վերակենդանացուի ծրագիրը եւ վերամշակուի անիկա: Այս գործընթացը տեւեց 7-8 տարի, մինչեւ որ որդեգրուեցաւ 1981 թուականին` ՀՅԴ 21-րդ Ընդհանուր ժողովին: Անկէ ետք ալ երկրորդ վերամշակման ենթարկուեցաւ 1990-ական թուականներուն:

Մեր սերունդները, մեզ նախորդող սերունդները մանաւանդ եւ մէկ կարեւոր չափով մեզի յաջորդող սերունդները, անշուշտ երիտասարդ սերունդներուն մասին է խօսքը, իրենց ներշնչումը, գաղափարական կազմաւորումը կը ստանային յատկապէս հայ յեղափոխական գրականութեան ընթերցումով, ատիկա կը հարստացնէր թէ՛ մեր հոգեկան աշխարհը եւ թէ՛ մտային աշխարհը: Ինչ որ գիտէինք ընկերվարութեան մասին, որ հիմքն էր մեր ծրագրին, կ՛առնէինք մեր գրականութենէն` Քրիստափոր, Սիմոն Զաւարեան, Ահարոնեան, Վարանդեան կարդալով: Քիչ առաջ ըսի, որ ծրագիրը ծալուած մէկ կողմ դրուած էր, բայց ատիկա կը վերաբերէր քանի մը տասնեակ էջերէ բաղկացած գրութեան, բայց ոգին, բովանդակութիւնը, միտքը մեզի կը փոխանցուէր յեղափոխական գրականութեան ընթերցումով:

«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր պաշտօնին բերումով երիտասարդութեան հետ մնայուն կապի մէջ էք: Կը կարծէք, թէ երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը, գործելաձեւը, ծրագիրը կանոնագիրը լաւապէս ընկալա՞ծ է:

Տիգրան Ճինպաշեան

Տիգրան Ճինպաշեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ.- Բոլորովին ճիշդ չ՛ըլլար ըսել, որ ես երիտասարդութեան հետ մնայուն կապի մէջ եմ, որովհետեւ աշակերտութիւնը երիտասարդութիւնը չէ: Եթէ իբրեւ ուսուցիչ պիտի խօսինք, բնականաբար դպրոցին մէջ, յատկապէս Ճեմարանի մէջ, որ յայտնի է դաշնակցական գաղափարական աշխարհին պատկանող հաստատութիւն ըլլալու իր հանգամանքով, ուղղակի կուսակցական դաստիարակութիւն չի տրուիր, որովհետեւ ատիկա դպրոցին դերը չէ, այլ ազգային դաստիարակութիւն կը տրուի: Անուղղակի միջոցներով երբեմն կը մատուցուին այնպիսի նիւթեր, որոնք վերջին հաշուով Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հետագային խորապէս ծանօթանալու համար հիմքեր կը ստեղծեն: Ասիկա իրականութիւն է, սակայն այդ գաղափարաբանութեան ամբողջական հասկացողութիւնը եւ ըմբռնումը իրականութեան մէջ բաւական դժուար գործ է, յատկապէս` այս օրերուն, որովհետեւ ներկայ աշխարհին մէջ, մասնաւորաբար վերջին 20-25 տարիներուն ընթացքին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, գաղափարաբանութիւնները այլեւս դադրած են երիտասարդութիւնը եւ ընդհանրապէս յառաջադէմ մարդկութիւնը առաջնորդող երեւոյթներ ըլլալէ: Ազատականութեան, պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու դերին ժխտումը մարդկային  կեանքի ընդհանուր կազմակերպման գործին մէջ` տնտեսութիւն, քաղաքականութիւն, առաջնորդեց այնտեղ, որ մեր երիտասարդութեան օրերու այդ գաղափարական լեցուն մթնոլորտը այսօր այլեւս չենք գտներ: Այդ պայմաններուն մէջ, երբ գաղափարաբանութիւնները չկան, եւ ամբողջ լրագրական-տեղեկատուական դաշտը ողողուած է առօրեայ հարցերով, իրատեսական չէ ակնկալել, որ երիտասարդութիւնը դաշնակցական գաղափարաբանութեամբ պիտի ապրի ամբողջովին, բայց եւ այնպէս մեր գաղափարաբանութեան այն բաժինը, որ ազգային բնոյթի է, կը շարունակէ կենդանի մնալ եւ հետաքրքրել երիտասարդութիւնը, որովհետեւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան մէջ երկու երեւոյթներ զուգահեռ կ՛ընթանան` ազգի ու հայրենիքի ազատագրումը եւ մարդուն ազատագրումը. մարդու ազատագրումի բաժինը, բնականաբար, ինչպէս անցեալին եղած է, այսօր եւս Դաշնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս հայութեան համար, չի կրնար առաջնահերթ ըլլալ, որովհետեւ մեր ազգային հարցերը այնքան խոր, խրթին եւ դժուար են, որ մեր ուժերը ստիպուած ենք կեդրոնացնելու ընդհանրապէս Հայաստանի, Ղարաբաղի, Հայաստանի շուրջ գտնուող միւս գրաւուած շրջաններու եւ ընդհանրապէս Հայ դատի կապուած խնդիրներու վրայ: Ասիկա շատ քիչ ժամանակ եւ հնարաւորութիւն կը ձգէ, որպէսզի ընկերվարական հիմունքներով  աշխատանք կատարուի, յատկապէս` սփիւռքի մէջ: Հայաստանի մէջ պէտք է իրավիճակը տարբեր ըլլայ, սակայն հոն ալ գաղափարաբանութիւններու դէմ արշաւը այնպիսի համեմատութիւններ ստացած է, որ այսօր տակաւին եթէ մէկը խօսի ընկերվարութեան մասին, ատիկա կը շփոթուի համայնավարութեան հետ, եւ որովհետեւ համայնավարութիւնը երկար տարիներ Հայաստանի մէջ աւեր գործած է, կ՛ընկալուի իբրեւ ժխտական երեւոյթ:

Ընդհանրապէս այսօրուան աշխարհին մէջ այն հանգամանքը, որ երիտասարդները չեն կարդար, չեն ծանօթանար, շատ բաներէ տեղեակ չեն, մեծապէս կը դժուարացնէ գաղափարաբանութեան հիմքերու բացատրութիւնը, որովհետեւ այդ հիմքերը փիլիսոփայական խորք ունին, լուրջ գիտելիքներ կ՛ենթադրեն. եթէ նոյնիսկ երիտասարդութիւնը որոշ գիտելիքներ ունի, ատիկա մակերեսային եղանակով է: Ուրեմն կը բաւականանան ընդհանրապէս լոզունգային երեւոյթներով:

Այսօր կարելի չէ ըսել ուրեմն, որ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը իր ամբողջ խորութեամբ եւ նպատակներով, առաջադրանքներով մեր երիտասարդութեան համար ապրում է:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ.- Ես այս իրականութեան մէջ մեղքը երիտասարդութեան մօտ չեմ գտներ, ասիկա սահմանափակուած չեմ տեսներ մեր իրականութեամբ, ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է, եւ պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ ծրագրուած, մտածուած եւ համապատասխան գործադրութեան դրուած միտք է, որով նոր սերունդները ամբողջ աշխարհին մէջ կը պատրաստուին շատ աւելի գործնապաշտ կերպով ամէն ինչ դիւրին եւ արագ ունենալու, անոնց տիրանալու: Այսպիսով թոյլ չի տրուիր իրենց, որ զարգացնեն, հարստացնեն իրենց հոգին, միտքը: Նոր սերունդի կեանքին նպատակը լաւ, հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրիլն է, զուարճանալն է, լաւ ժամանակ անցընելն է, հարստութիւնն է, դիրքի, ուժի տիրանալն է, եւ այս բոլորին համար գաղափարաբանութիւնները ո՛չ միայն տեղ չունին, այլ կը խանգարեն: Այսպիսով սերունդները կը դաստիարակուին գաղափարազուրկ դարձնելու միտումով: Օրինակ ընթերցանութեան հարցը. մարդ ինչո՞ւ պիտի յոգնի եւ հարիւրաւոր էջեր պիտի կարդայ` կեդրոնացած, արտաքին աշխարհէն կտրուած, երբ կոճակ մը սեղմելով կարելի է ուզածդ անմիջապէս ունենալ: Այդ ունեցածդ քեզ չի հարստացներ, քեզի անմիջական կերպով օգտակար կ՛ըլլայ, պիտանի է, սակայն հոգիդ ու ներաշխարհդ չի լեցներ: Ասիկա ծրագրուած բան մըն է, ուրեմն պէտք չէ զարմանալ, մեր երիտասարդութիւնն ալ մաս կը կազմէ ընդհանուր երիտասարդութեան, ուրեմն ենթակայ է նոյն մարտահրաւէրներուն:

Ներկայիս ամէն ինչ դիւրացնելու, կարելի եղածին չափ մատչելի դարձնելու աշխատանք կը տարուի, սակայն տարբեր իմաստ ունի, երբ որեւէ բան ձեռք կը բերես քրտինքով, աշխատանքով, ինչպէս որ էր կացութիւնը անցեալին: Այդ մտայնութիւնը չկայ հիմա, հակառակ ուղղութեամբ կը գործեն: Ներկայիս համաշխարհայնացման ճիւաղը մարդը կը դարձնէ մեքենայ մը` չմտածող, չզգացող, չբանող:

Բայց եւ այնպէս երիտասարդութեան մօտ եւ ընդհանրապէս մարդուն մօտ իտէալը չի մեռնիր կարելի չէ զայն մեռցնել: Հաւանաբար ատոր կը վերագրէի այն երեւոյթը, որ ներկայիս կիրակի օրերը եկեղեցւոյ մէջ Ս. հաղորդութիւն ստացողներուն մէջ կան մեծ թիւով երիտասարդներ, մինչ մեր օրերուն մենք կը դիտէինք այն մամիկները, որոնք հաղորդութիւն կը ստանային: Երիտասարդութիւնը այսօր ծարաւ է, տեղ մը կ՛ուզէ ընթացիկէն, իրեն հրամցուածէն տարբեր բան գտնել` հոգին ու միտքը յագեցնող, կը փարի եկեղեցւոյ, հաւատքին: Կայ նաեւ միւս ուղղութիւնը, որ արտառոց կերպով կ՛արտայայտուի ուրիշներու մօտ: Օրինակ տեղի ունեցող խմբակային սպանդները, անմարդկային արարքները` ժիհատական, ՏԱՀԵՇ-ական կամ այլ անուններ կրող խմբաւորումներուն կողմէ, անոնք եւս բան մը փնտռելու եւ ներկայ կացութենէն տագնապելու դրսեւորումներ են, անոնք կը կարծեն, թէ այսպիսով անոնք կը ծառայեն սրբազան նպատակին: Այդ արարքները գործողներուն մէջ կան մեծ թիւով ուսեալներ, սակայն աշխարհին կողմէ իրենց հրամցուածով չբաւարարուելով, այլ բան կը փնտռեն, իսկ ուրիշներ կ՛օգտուին այդ առիթէն նման երիտասարդներու փնտռտուքը ժխտական ձեւով ծառայեցնելու:

Փաթիլ Եսայեան

Փաթիլ Եսայեան

ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Հայութեան պարագային հաւանաբար այս առումով բախտաւորութիւն է, որ ունինք դատ մը, որով ապրած ենք մեր փոքր տարիքէն եւ գիտենք, որ պէտք է պայքարինք անոր համար: Թերեւս ասիկա մեզ կը զանազանէ դատարկութեան մէջ ապրող այլ երիտասարդներէ, որոնք գերագոյն նպատակներ չունին: Սակայն կայ նաեւ միւս երեսը, որ կարգ մը հայ երիտասարդներ կ՛ուզեն առանց դատի ու պայքարի ապրող օտար երիտասարդներուն նմանիլ: Հոս հայ երիտասարդութեան համար կը ծագի հարցը` պայքարին մէ՞ջ ըլլալ, թէ՞ անկէ դուրս:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ.- Բնական է, որ այս բոլորը թէ՛ դրական, եւ թէ ժխտական ազդեցութիւն ունենան նաեւ հայ երիտասարդին վրայ, ի վերջոյ հայերն ալ մարդ են, ուստի ասիկա տարօրինակ պէտք չէ թուի մեզի: Բայց այն իրողութիւնը, որ մենք աւելի վարժ եղած ենք աւելի տոհմիկ, ընդունուած կարգերու` ընտանեկան, թաղային կեանք, ակմբային, միութենական առօրեայ, պատճառ եղած է, որ մենք կարենանք պահել իսկական, իմաստ ունեցող արժէքներ: Այդ պատճառով ալ մեր փնտռելիք եւ առաջարկելիք դեղատոմսերէն մէկը պիտի ըլլայ այն, որ կարելի եղածին չափ զօրացնենք մեր ունեցած ազգային կառոյցները` միութենական, մշակութային, մարզական, եւ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երիտասարդութիւն համախմբենք այդ կառոյցներուն շուրջ: Բնական է առաջին գիծին վրայ կու գայ ընտանիքը, ապա` դպրոցը:

«ԱԶԴԱԿ».- Որքանո՞վ երիտասարդութեան կուսակցութիւն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Որեւէ կուսակցութիւն` իր ծրագիրով, տարուէ տարի որոշ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, յատկապէս գետնի վրայ տարուած աշխատանքով ու գործունէութեամբ: Հարցը այն է, թէ գրուած տողերը ինչպէ՞ս կը բացատրուին եւ կ՛ընկալուին երիտասարդին կողմէ: Երբեք կարելի չէ ըսել կուսակցութիւնը երիտասարդութեան կուսակցութիւն չէ, անիկա լայն գործելադաշտ տուած է երիտասարդութեան, սակայն կը կարծեմ, թէ նոր սերունդը բաւարար աշխատանք չի տանիր, որպէսզի կուսակցութեան ապագան զարգացնէ, հետապնդած նպատակները իրագործման ի գին աշխատի, երիտասարդութեան մէջ «խենթութիւն» չեմ տեսներ այսօր:

Այսօր նաեւ չկայ երիտասարդութիւն մը, որ ինքնիր հարցերը գիտէ եւ կը փորձէ լուծել, այլ ուրիշ գործելադաշտեր կը փորձէ ստեղծել եւ հոն գործել: Ըստ ինծի, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը տարբեր հարցերու դէմ յանդիման է: Լիբանանահայ վարժարանները աւարտած երիտասարդը բաւարար չափով գաղափարապաշտ չէ, իսկ երբ դպրոցէն դուրս գան, ընդհանրապէս հոն սերմանուած հայեցի դաստիարակութեան մէկ մասը կը կորսուի պայմաններու բերումով: Համալսարանին մէջ անոնք ընդհանրապէս մարդաբանական  նիւթեր չեն ուսանիր, ինչ որ մեր ազգին եւ կուսակցութեան համար շատ կարեւոր է: Ինծի համար կարեւոր է ուսեալ երիտասարդ մը, սակայն մասնագիտացած այնպիսի ճիւղի մէջ, որով կրնայ ծառայել իր ազգին ու դատին: Ցարդ չենք տեսներ, որ ակադեմական ոլորտին վրայ կեդրոնացում կայ երիտասարդներուն կողմէ, երիտասարդ մը կրնայ ամբողջ օրը ակումբին մէջ անցընելով ծառայել, իսկ ուրիշ մը իր ուսման եւ ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն ծառայել հայութեան: Առաջինը ընողները կան տակաւին, սակայն միւսը չունինք, չկայ երիտասարդութիւն մը, որ լաւապէս հասկցած է իր մտային կարողութեան եւ ներուժին կարեւորութիւնը ազգային հարցերուն համար: Այդ պատճառով ալ այսօր Դաշնակցութիւնը այդ գիտակցութիւնը պէտք է արթնցնէ երիտասարդութեան մէջ:

Նշան Կօշկակարեան

Նշան Կօշկակարեան

ՆՇԱՆ ԿՕՇԿԱԿԱՐԵԱՆ.- Կրնայ ըլլալ երիտասարդութիւնը բաւարար չափ գիտակից չէ կամ աւելի ճիշդը հեռատես չէ, որ ինք պատրաստուի կամ մտածէ այն մասին, որ իր ազգի ապագային մէջ իր ներդրումը ունենալու համար պէտք է ճիշդ գործելադաշտեր ընտրէ: Հաւանաբար նաեւ այս գիտակցութիւնը սերմանելու իմաստով պէտք է աշխատանք տանիլ:

ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Կայ ինքնութեան փնտռտուք մը, մնայուն հարցում մը, որ` ճիշդ ո՞վ ենք. այս փնտռտուքին մէջ չներքաշուելու համար շատեր կը նախընտրեն հեռու մնալ այս հարցումէն, ուրանալ այս հարցումին առկայութիւնը: Նման անձերու մօտ բնականաբար կը սկսի պակսիլ ազգային գիտակցութիւնը, իսկ անոնք, որոնք մնայուն կերպով այդ փնտռտուքին մէջ են, տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին միշտ: Օրինակ տալու համար յիշենք հիմնական քանի մը հարցում` Հայաստան տեղափոխուի՞լ կամ ոչ, սփիւռքի պահպանման ուղղութեա՞մբ գործել…

Ասոնք անձի փնտռտուքի կողքին հաւաքականութեան հարց են, արդեօք այս մտքերու միացման եւ բիւրեղացման համար երիտասարդ թէ երէց ղեկավար-առաջնորդներ ունի՞նք:

 

(Շար. 1)

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )