«Անկարելի Է Ձերբակալուած Սահմանախախտներու Փոխանակումը Ուղղաթիռի Անձնակազմի Անդամներուն Հետ» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան

Անկարելի է ձերբակալուած սահմանախախտներու փոխանակումը կործանած ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներուն հետ: Այս մասին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին:

Վերջին օրերուն ազրպէյճանական կողմը տարածած էր լուր մը, ուղղաթիռի անձնակազմի անդամները` ձերբակալուած ազրպէյճանցիներու հետ փոխանակելու մասին:

Սպաննուած հայ պատանիին հայրը` Մեխակ Ցականեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաւաստած է, որ ինք կտրականապէս դէմ է այդ փոխանակման. «Իրենք ինչպէս կ՛ընեն` Սաֆարովը կը տանին զօրավար կ՛ընեն, իսկ Շամշատինի Կարէնը երկու օր չպահեցին, սպաննեցին, ո՞րն է ճիշդը, իսկ զիրենք մենք կը պահենք, տուն մըն ալ շինենք տանք իրենց, ատիկա՞ կ՛ուզեն, ի՞նչ կ՛ուզեն, ես չեմ գիտեր: Այսքան խաղաղ պայմանի մէջ գան իմ երեխաս սպաննեն»:

 

Share this Article
CATEGORIES