Խմբագրական. Մե՛ր Աշխատակարգի Սկզբունքը (ՀՅԴ 124-Ամեակին Առիթով)

large_1414966996Ժամանակակից աշխարհի բերած յարափոփոխութեան հետ անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ քայլ պահելը դիւրին գործ չէ: Առաւել եւս, երբ հարցը կը կեդրոնանայ գաղափարական արժեհամակարգերուն վրայ, որոնք առանցքային գիծեր պահելու դժուարին պայքարը կը մղեն այս օրերուն:

Ներկայ ժամանակները յատկանշուած են տեղեկացուածութեամբ, բաց համակարգով, փոխներգործօնութեամբ (interactivity) եւ այս բոլորին իրականացման համար գերարագութեամբ:

Համաշխարհային ներկայ կանոնները կը փորձեն ժամանակավրիպացնել արժէքները, աշխատակարգերը եւ այդ բոլորին առընթեր գաղափարական շարժումները: Աշխարհը այսօր ականատես կ՛ըլլայ գաղափարական շարժումներու նօսրացման, գաղափարականութենէ դէպի շուկայացում շատ արագ եւ կտրուկ անցումներու բերած պարապութեան:

Բաց համակարգը անընդհատ կը խօսի թափանցիկութեան, ամէն ինչ հրապարակայնացնելու մասին: «Փակ» եզրը այսօր ընդհանրապէս բացասական իմաստ կը փոխանցէ եւ ժամանակավրէպութեան  հասկացողութիւն կը քանդակէ հաւաքական մտապատկերներու մէջ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ գաղափարական աւանդութիւն ունեցող կազմակերպութիւն` հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս թիրախ է նման քննադատութիւններու, սլաքներու, երբեմն նաեւ հեգնական ակնարկներու:

Դաշնակցութեան հասցէին նման կարծրատիպ ստեղծել փորձողները չեն ուզեր նկատել, որ 124-ամեայ այս կազմակերպութիւնը երկար ատեն չէ վարանած հրապարակելու իր գերագոյն ժողովի որոշումները:

Դաշնակցութիւնը իբրեւ փակ կառոյց դասակարգելու միտուած նկրտումներուն ետին կանգնողները իրենք փորձած են փակ պահել այն, ինչ որ հանգամանաւոր ժողովներու բացման թէ փակման արարողութիւններուն կուսակցութեան պատասխանատուները իբրեւ անցած ուղիի արժեւորում թէ իբրեւ հետագայ ընելիքներու ուղենիշ, ներկայացուցած են քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ ժողովուրդին:

Տակաւին. անոնք չեն ուզած տեսնել ՀՅԴ լրատուամիջոցներով օրը օրին կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը բացատրող, լուսաբանող առաջնորդող գրութիւնները, որոնց շուրջ այսօր նաեւ հնարաւորութիւնը կը տրուի արձագանգելու, տեսակէտ տալու, կարծիք բաժնել-չբաժնելու, առաջարկ ներկայացնելու:

Դաշնակցութեան գերագոյն մարմիններու, Ազգային ժողովի անդամներու այսօրուան աշխուժ երեւումն ու հասանելիութիւնը բոլոր խաւերուն, գրեթէ առօրեայ կշռոյթով բացատրողականները կուսակցութեան  քաղաքական որոշումներուն բաց համակարգի  համապատասխան այսօրուան աշխատակարգի համահունչ երեւոյթներ են:

«Փակ»-ի մեղադրանքը հասած է նաեւ պատմականին: Ցաւօք, ոչ միայն Անգարան է , որ առիթ չի փախցներ «Դաշնակցութեան արխիւները փակ են» յայտարարութեամբ քաղաքական շահարկումներ եւ պիտակաւորումներ կատարելու: Այդ ո՞ր կուսակցութիւնն է, որ իր հիմնադրութեան տարիներէն, Ընդհանուր ժողովներու բոլոր ատենագրութիւնները, նամակագրութիւնները, ժողովական վէճերը, նոյնիսկ ժողովներէ բխած դատական հարցերն ու անոնց դէմ կատարուած բողոքարկումները կը հրատարակէ, բնագրային եւ մատենագիտական վաւերականութիւններով: Դաշնակցութի՛ւնն է, որ չի վարանիր նոյնիսկ Երիտթուրքերու հետ իր յարաբերութիւնները կանխած ժողովական քննարկումներն ու որոշումները հրապակարելու, ամենայն մանրամասնութեամբ:

Ժամանակակից ապագաղափարականացման ճարտարապետները չեն, որ պիտի ճշդեն  124-ամեայ կուսակցութեան աշխատակարգը: Բաց համակարգի ճշդած կանոններու յարմարուողականութեան մղումով չէ, որ Դաշնակցութիւնը կը բանայ իր արխիւները, կը հրապարակայնացնէ իր որոշումները եւ կը զեկուցէ իր աշխատանքներուն մասին:

Ժողովուրդը տեղեկացնելու, անոր հաշուետու ըլլալու սկզբունքը եղած է ու կը մնայ Դաշնակցութեան աշխատելաեղանակի կարեւոր կէտերէն մէկը:

Այսօր, ՀՅԴ-ի օրուան առիթով, Դաշնակցութիւնը այդ սկզբունքներէն մեկնած կը ներկայանայ իր ժողովուրդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )