Ըստ «Քատենա Քոփ»-ի. Պարսելոնա 2016-ին Պիտի Ծախէ Մեսսին

1120_messi_ball2016-ին տեղի ունենալիք Պարսելոնայի նախագահի ընտրութիւնները կրնան որոշիչ դառնալ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի համար:

«Քատենա Քոփ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Եոսիփ Փարթոմէու կը պատրաստուի Մեսսին պահելու` իբրեւ ապագայ  ընտրութիւններուն յաջողութեան երաշխիք:

Անկէ ետք, Պարսելոնա շատ հաւանաբար ծախէ իր աստղը, անոր համար սակայն ձեռք ձգելէ ետք առաւելագոյն գումարը:

Ներկայիս Մեսսի այդքան ալ գոհ չէ ակումբին նախագահին վարած քաղաքականութենէն:

Արժանթինցիին համաձայն, զինք Պարսելոնայի մէջ այնպէս չեն գնահատեր, որքան Քրիսթիանօ Ռոնալտոն` Ռէալ Մատրիտի հետ:

Բացի ատկէ, Մեսսին դժգոհ է քաթալոնական մամուլէն, որովհետեւ իր կարծիքով, այդ մամուլը կը գործէ Պարսելոնայի պատասխանատուներուն թելադրանքով` Նէյմարը ներկայացնելով իբրեւ ակումբին ապագայ խորհրդանիշը:

Իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Մեսսի չբացառեց խումբէն հեռանալու լուրը:

 

Share this Article
CATEGORIES