«Էն. Պի. Էյ.». Կրիզլիզի 2-րդ Պարտութիւնը, Լէյքըրզի 3-րդ Յաղթանակը

Քեւին Մարթին (ձախին)

Քեւին Մարթին (ձախին)

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ:

Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մեմֆիս Կրիզլիզ կրեց տարեշրջանի իր 2-րդ պարտութիւնը (անիկա արձանագրած է 10 յաղթանակ), երբ 96-92 արդիւնքով տեղի տուաւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի դիմաց:

Միլուոքի Պաքս – Պրուքլին Նեթց մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք` ի նպաստ առաջինին` 122-118 արդիւնքով:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ յաջողեցաւ արձանագրել իր երրորդ յաղթանակը` 98-92 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Հիուսթըն Ռոքեթցի դաշտէն: Քոպի Պրայընթ ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 29 կէտ:

Նշենք, որ երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Մարթին (Մինեսոթա Վուլվզ)` 37 կէտ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 90-92
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 88-86
Օրլանտօ Մեճիք – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 90-114
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 90-101
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տալաս Մավըրիքս 102-105
Պրուքլին Նեթց – Միլուոքի Պաքս 118-122
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ֆէոնիքս Սանզ 86-88
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 96-92
Մինեսոթա Վուլվզ – Նիւ Եորք Նիքս 115-99
Տենվըր Նակեթց – Օքլահոմա Սիթի 107-100
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 92-98

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Շիքակօ Պուլզ

Share this Article
CATEGORIES