50 Տարի Առաջ (22 Նոյեմբեր 1964)
Անկախութեան Տօնը
Մայրին անթառամ, ամէնօրեայ իր պերճաշուք խոհ ու խորհուրդէն թեւարձակ` այսօր բացառիկ հրճուանքը կ՛ապրի նորէն` յաղթանակի հողմածուփ ծիրանի ճիւղերուն:
Փիւնիկեան կոհակները կապոյտ` կ՛ուռի՜ն, կ՛ուռի՜ն հպարտօրէն, կը հրեն զիրար ցնծագին եւ հեռուներէն Լիբանանի մշտադալար ափունքներուն կը բերեն ամէնէն քաղցրահունչ երգը մարդոց սրտերուն:
Ու կը կանգնի բարձրաճակատ` արեւի փեսայ Սաննին` ազատ ու անկախ ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը կոթողելով արար աշխարհի աչքերուն դէմ:
Ազատութեան աստուածը ոսկի թակով բախած է իր դուռը, եւ լիբանանցին գիտցած է արժանավայել կերպով ընդունիլ անփոփարինելի այդ հիւրը: Ու այսօր կրկին, փակած խանութ ու գրասենեակ, նիւթական շահի ամէն դուռ, կ՛երթայ բերկրանքը ապրելու իր հոգեկան հարստութեան եւ իր յարգանքն ու սէրը ընծայաբերելու անկախութեան մարմարաշող սեղանին:
Ինչ ծո՜վ երջանկութիւն քաղաքացիինը, որ կը քալէ ազատ ու անկախ հայրենի հողին վրայէն: Ու տէրն է իր ցաւին եւ ուրախութեան, յոյսերուն եւ պարտականութիւններուն. տէ՛րն է իր ճակատագրին:
Ի՜նչ փոյթ արեւը, որո՛ւ հոգը` անձրեւը:
Կը քալէ ժողովուրդը ճամբաներէն ու մայթերէն` իր դրօշին ազատ ծփանքներուն տակ անգամ մը եւս հաղորդուելու անմահութեան սուրբ խորհուրդին:
Կը տողանցէ խրոխտ բանակը` սուիններու փայլը շողացնելով չորսդին, որպէս հրավառ երդում եւ առկայծ երաշխիք` Աստուծոյ ամէնէն նուիրական պարգեւէն` ազատութենէն չզրկելու երբե՛ք, երբե՛ք այս գեղածիծաղ երկիրն ու իր մարդասէր ժողովուրդը:
Մարդկային հեղեղը կանգ կ՛առնէ պահ մը պրոնզէ արձանին առջեւ վարչապետին, որ դարբիններէն մէկը հանդիսացաւ Լիբանանի անկախութեան: Ռիատ Սոլհ կը ժպտի պրոնզէ ճաճանչով` հեռո՜ւ, շա՛տ հեռու վարդապսակ հորիզոնին յառած իր աչքերը:
Կանգ կ՛առնէ մարդկային հեղեղը, երկրորդ անգամ, լուռ ու պայծառ յուշարձանին առջեւ, որուն տակ կը հանգչի իր կանաչ արեւը ժողովուրդին ու երկրին զոհաբերած անծանօթ զինուորը:
Այո՛, ազատութիւնը, անկախութիւնը, նուէր չեն տրուիր, այլ կ՛առնուին: Ա՛յս է դարերու պողպատահունչ պատգամը:
Կը խլուին արիւնով, բանտերու խաւարը ճեղքելով, աչքերը փորել, եղունգները քաշել տալով:
Կը շահուի անկախութիւնը նժարի միւս թաթին մէջ կամաւոր մահը զետեղելով:
Ի՞նչ արբեցում, կեանքի-մահուան ի՛նչ հարսնետօն հոգիներուն համար, որ գիտակից են անապակ այս խորհուրդին:
Մեռնի՛լ ու մեռնելէ ետք իր ետին ձգել ազգ մը ազատ, երկիր մը անկախ, լեզու մը անեղծ, դրօշակ մը ծածան:
Անանուն խլրտում մը, տենդաբորբ դող մը կը շիկացնեն հոգիս:
Յուշարձան ու մարդիկ տակաւ կ՛ընկղմին խնկագոյն մշուշի մը մէջ: Կ՛ամայանայ շուրջս կարծես… ո՞ւր եմ հիմա… հրկիզեալ ու արնաբոյր դաշտերէ, ձորերէ կ՛անցնիմ` թափառաշրջիկ ոգիի մը, անթաղ նահատակներու աղաղակին պէս:
Տեղ մը, երկիր մը կայ, Արարատ լերան շուքին, ուր հազարաւոր մարդիկ նետեցին բահ ու բրիչ, եարի փոխան գրկեցին զէնքը ու ինկան լեռ ու ձոր ազատութեան չքնաղ հարսը բերելու, եւ ինկան դէպի երկինք երկարող այդ ճամբուն վրայ` անվեհեր ու կուրծքերնուն արիւնի վարդեր բացուած:
Տեղ մը կա՛յ երկիր մը, այդ հերոսներու արիւնով սրբագործուած ու ազատագրուած ափ մը հող, ուր չ՛ընծայուիր սակայն պատիւ արժանաւորաց:
Ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի կանգնի վեց դարերու ստրկութեան ժանգոտ շղթաները փշրած եւ ազատութեան արեգակը Վանայ երկնագոյն ծովուն վրայ կախած Արամին յուշարձանը, որուն առջեւ ծունկի գան Հայկի թոռները եւ ուխտէն այլեւս երբե՛ք, երբե՛ք չմեծնալ ստրուկ:
Ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի բարձրանայ Սեբաստացի Մուրատի յաղթահասակ մարմարը, որուն առջեւ խոնարհին գալիք սերունդները ու սորվին քաջաբար այլ համեստ սրտով ծառայել հայրենիքին:
Ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի կոթողուին Գէորգ Չաւուշներու, Աղբիւր Սերոբներու, Սեպուհներու, Քեռիներու եւ այլ անհամար մեծ ու փոքր հերոսներու արձանները, որ նորահաս տղոց ու աղջիկներու սրտերուն մէջ վառ պահուին հմայքը կտրիճութեան, անձնուրացութեան, ազգին ու հայրենիքին յաւերժութեան իրենց արիւնը զոհաբերելու գերագոյն հաճոյքը:
Եւրոպական մայրաքաղաքները կը վխտան ազգային հերոսներու, նահատակներու, մարտիրոսներու յիշատակին կառուցուած յուշարձաններով: Փարիզ, Հռոմ, Վիեննա իրենց լաւագոյն բարձունքներն ու մշտադալար անկիւնները տրամադրած են իրենց մահով մահը ոտնակոխած եւ ազատութեան արեւը հրավառ պահած ռահվիրաներուն:
Ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի զետեղուին մարմարէ, պրոնզէ մեր հսկայորդիները:
Գիտե՜նք, Հայոց լեռնաշխարհին վրայ իբրեւ արծիւ սաւառնող մեր մեծագոյն մարտիկին նուիրած ենք կոթող մը… կայ քարացած Անդրանիկ փաշա մը, ձիուն վրայ, հեռաւոր Ֆրանսայի մեկուսացեալ ու ամայի գերեզմանատան մը մէկ անկիւնը: Ի՜նչ ողբերգութիւն, ազգային ի՜նչ թշուառութիւն:
Ո՞վ տուաւ հայուն իր մեռելները անգամ մը եւս մոռցնելու, իր նահատակները կրկին անգամ նահատակելու սրբապիղծ ու արհաւական իրաւունքը: Ո՞վ կը զլանայ մեզի մեր հերոսները յաւերժօրէն հերոսացնելու, ներշնչման խորան դարձնելու քաջութիւնն ու արդարամտութիւնը:
Ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի գրուի Հայ Անծանօթ զինուորին յաւերժական հանգստարանը մատնանշող սրբատաշ ու սպիտակ քարը, որ համբուրենք ջերմեռանդօրէն տարին գոնէ անգամ մը, որուն առջեւ ծխենք մեր երախտիքի խունկը, զոր կարենանք պճնել արարատեան դաշտի բազմերանգ ու քաղցրաբոյր ծաղիկներով, եւ Արարատէն մինչեւ Արարա, Սեւաստափոլէն մինչեւ Պերլին, ազատ հայրենիքի մը, երջանիկ հայութեան մը երազը իրենց աչքերուն տերեւաթափի պէս ինկող հայ զինուորներուն, կտրիճներուն հոգիները ջերմացնենք մեր շունչով:
… Թնդանօթները հրավառ իրենց հրճուանքը կ՛աղաղակեն երկինքն ի վեր, օդատորմիղը յաղթանակի մետաղափայլ համերգ մը կը թրթռացնէ անհուն կապոյտին մէջ:
Կը սթափիմ: Կը քալեմ:
Լուսեղէն հոգիի մը ձայնը կը հետեւի քայլերուս ու կը շշնչայ ունկիս.-
Մահուան խաւարով պատանքուած հերոս-ննջեցեալները ազատութիւն, անկախութիւն կ՛ուզեն:
Տմարդութիւններու յոռեգոյնն է հերոսներու վաստակն ու գաղափարականը կորսնցնելը, պարտազանցութիւններուն վատթարագոյնը` անոնց աւանդն ու համբաւը չբազմապատկելը:
Գոնէ չպղծել անոնց յիշատակը, չնսեմացնել անոնց գաղափարի բարձունքները:
Բաց չթողուլ հայրենիքի մեծ ննջեցեալներուն երազահմայ աչքերը:
Ա՛յս է անկախութեան տօնին վեհագոյն իմաստը, կեանքի սրբազան իտէալը եւ ողջերուն ճիտին սուրբ պարտքը:
Յ. ԳԵՂԱՐԴ

