Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծրագիրներ ունիք իրագործելիք, որոնք ժամանակի կը կարօտին եւ դիւրին չեն: Կարող էք դժուարութիւններուն դէմ դնել եւ պիտի յաջողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նիւթական կամ ասպարէզի հարցեր ծագին, ձեզի համար դժուար պիտի չըլլայ լուծումներ գտնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընկերային եւ ընտանեկան լուրջ հարց մը պիտի ունենաք. ուշադրութի՛ւն, հարցը կրնայ բարդանալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ առօրեան եւ գործերը ձեզ յոգնեցուցած են, դանդաղեցուցէք ձեր ընթացքը եւ ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գաղափարները եւ զգացումները անկեղծ են. շարունակեցէք այսպէս:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընկերային հարցեր պիտի ունենաք, յաղթելու համար յարձակեցէք եւ կամ դուք ձեզ պաշտպանեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճամբորդելու առիթներ պիտի ունենաք, ինչ որ ձեզի հաճելի պիտի թուի. ոմանք ալ հմայողներ պիտի ունենան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լուսինը բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր նիւթական հարցերուն վրայ. պատեհ օր է ձեր գործերը կարգադրելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանեկան եւ ընկերային մարզին մէջ ամէն մարդ ձեզմով պիտի հետաքրքրուի. յաջողութիւններ պիտի ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առօրեայ հարցերով պիտի զբաղիք եւ լուծումներ պիտի գտնէք. խաղաղ օր մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երեկոյեան պիտի հանդիպիք նոր բարեկամներու եւ լաւ ժամանակ մը պիտի անցընէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքին մէջ քանի մը օր վիճաբանութիւններ պիտի ունենաք, որոնք շատ լուրջ չեն. համբերութիւն:

