Յայտարարութիւն
Վաղը` շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ահլի Սայտայի դէմ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ:
22 նոյեմբերը տօնն է Լիբանանի անկախութեան, որուն պահպանման կը հսկէ լիբանանեան բանակը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներն ու համակիրները դաշտ պէտք է ներկայանան խանդավառ ու կարգապահ շարքերով: Անոնք պէտք է հետեւին թրիպիւններուն վրայ կարգ ու կանոնին հսկող յանձնախումբի պատասխանատուներուն եւ անդամներուն` չկրկնելու համար մօտիկ անցեալին տեղի ունեցած պատահարը:
Ուրեմն, վաղը բոլորս ուղղուինք դաշտ` քաջալերելու մեր խումբը եւ շնորհաւորելու լիբանանեան բանակը անկախութեան տօնին առիթով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՄԸՄ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
CATEGORIES Մարզական

