Հրաչեայ Ռոստոմեան Եւ Վաղինակ Գալստեան Մեկնեցան Պաքու

1120_rousdamyan

Հրաչեայ Ռուստամեան

Երէկ` հինգշաբթի, 20 նոյեմբերին, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ վարչութեան պետ Վաղինակ Գալստեան մեկնեցան Թիֆլիս, ուրկէ ուղղուեցան Պաքու` քննարկելու համար 2015-ին տեղի ունենալիք եւրոպական խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան հարցը:

Այս գծով ArmSport.am հաղորդեց, որ 21-22 նոյեմբերին Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէին 43-րդ նստաշրջանը:

Օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերուն կարեւորագոյնն է յառաջիկայ տարի այնտեղ տեղի ունենալիք եւրոպական առաջին խաղերուն հարցը:

Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքէի գլխաւորութեամբ նստաշրջանին մասնակցող պատուիրակները պիտի այցելեն ողիմպիական մրցումներուն համար նախատեսուած մարզադաշտերը եւ պիտի ծանօթանան անոնց պայմաններուն:

Share this Article
CATEGORIES