Մեր Խօսքը
Այս տարի տասներորդ տարին ըլլալով Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կատարեց աւանդութիւն դարձած իր գործուղումները «Դէպի Երկիր» ճամբարներուն ընդմէջէն: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն` այս տարի ճամբարներ տեղի ունեցան, Արցախէն բացի, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայք մարզին մէջ: «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է» անունով ճամբարները առիթ հանդիսացան համախմբելու միջին հաշուով Կոտայք մարզի Քանաքեռաւան աւանին մէջ` 65, Չարենցաւան քաղաքին մէջ` 85, Արցախի Բերձոր քաղաքին մէջ` 60, եւ Կովսական գիւղին մէջ` 70 9-16 տարեկան պատանիներ:
Երկու շաբթուան տեւողութեան, 19 յուլիսէն 3 օգոստոս, այս շրջաններուն մէջ ստեղծուեցաւ իւրայատուկ մթնոլորտ. սփիւռքը գտաւ իր տունը, հայրենիքը գտաւ իր հարազատները, երկու շունչ խառնուեցան իրարու` ծնունդ տալու համար սերտ կապի մը, որ տարբեր է սփիւռքահայուն Հայաստան զբօսաշրջական այցելութենէն բխած կապէն: Բացի կարեւոր դեր ունեցող դաստիարակչական ծրագրի իրագործումէն` այս ճամբարները կը մտադրեն տեսական «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարը դարձնել գործնական: Անոնք առիթ կը դառնան, որ մէկ կողմէ ԶՈՄ-ական ընկերները զգան իրենց շօշափելի ներդրումը հայրենիքի մէջ, իսկ միւս կողմէ` ճամբարի մասնակից պատանիները անդրադառնան, թէ ինչպէ՛ս իրենցմէ մղոններ հեռու գտնուող երիտասարդներ ունին նոյն ինքնութիւնը եւ մեծ հետաքրքրութիւն` երկրին հանդէպ, ուր իրենք կ՛ապրին:
Ազգային պատմութենէն, մշակութային տեղեկութիւններէն, ընդհանուր զարգացումէն, պարէն, երգէն, ձեռայինէն, թատրոնէն, նկարչութենէն, խաղէն բացի, «Դէպի Երկիր» ճամբարները շրջանի պատանիներուն կը փոխանցեն հայրենիքի հողին կառչած մնալու գաղափարը, ազգային արժէքները սիրելու եւ գնահատելու առիթը, սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութեան ընդմէջէն ազգային մշակոյթի տարբեր երեսի մը ծանօթանալու առիթը եւ, տակաւին, շատ են անձնական տարբեր-տարբեր փորձառութիւնները: Փոխադարձաբար, «Դէպի Երկիր» ծրագիրը ԶՈՄ-ական ընկերներուն կու տայ առիթ` ապրելու հայկական որոշ չափով տարբեր մշակոյթի մը մէջ, զգալու Հայաստանի կամ Արցախի մէջ առօրեայ կեանքին պատճառած հեւքը, աւելի եւս ամրապնդելու կապը հայրենիքին հետ, թէ ինչո՞ւ չէ, կրնայ դուռ բանալ ապագայ հայրենադարձութեան:
Այս էջին մէջ կը գտնէք 2014-ի «Դէպի Երկիր» ճամբարներուն մասնակցած ընկերներուն վկայութիւնները եւ տպաւորութիւնները: