Ա՛լ Հնչած Է Լիբանան Երկիրի Մահերգը (Անկախութեան 71-րդ Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու պատկառելի  համալսարանի մը մէջ կայացած զրոյց-հանդիպումի մը ընթացքին, որուն նիւթը «Միջին Արեւելքը առանց փոքրամասնութիւններու» էր, դասախօսական կազմի, մտաւորականներու, քաղաքական թէ հանրային գործիչներու եւ ուսանողներու ներկայութեան, առաջադրուեցաւ դիպուկ եւ իմաստալից դիտարկում մը լիբանանահայ հոգեւոր առաջնորդ, համալսարանի նախագահ եւ ակադեմականին կողմէ կատարուած. «Լիբանան հարցադրում է, պատասխան ըլլալէ առաջ»:

Հաւանաբար ըսել ուզուածը այն է, թէ նման երկիրի մը գոյութեան կը հաւատա՞ն միջազգային ընտանիքն ու հասարակութիւնները, կամ մեզ հաւատացնել ջանացած են`  այսպէս ասած անոր անկախութեան հռչակումէն ի վեր:

Այլ հարց, թէ նոյնինքն լիբանանցին ցարդ չէ կրցած էապէս կողմնորոշուիլ, հաւատալ եւ ձերբազատիլ կամակատարի եւ լղրճուկի իր հոգեբանութենէն` նեղմիտ, այլամերժի եւ շահամոլի իր կազմաւորումին անընդմէջ յագուրդ տալով:

Հիւր դասախօսը սպառիչ եւ հանգամանաւոր կերպով ներկայացնելէ ետք այս տարածաշրջանին մէջ ապրող տարբեր փոքրամասնութիւններու անցեալի ու ներկայի պատկերը, առկայ պատերազմական անդոհանքն ու քաղաքական անորոշ հորիզոնները, կ՛անդրադառնայ Լիբանանի քաղաքական կացութեան վտանգաւոր եւ անհեռանկարային վիճակին` եզրակացնելով, թէ Լիբանան երկիրի գոյութեան (համակեցութեան) միակ երաշխիքը անոր հաստատ ու արդի պետականութիւնը կրնայ ըլլալ` զերծ քաղաքական օտար ազդեցութիւններէ եւ միջամտութիւններէ:

Աւելի՛ն. ան կը շեշտէ, որ հզօր պետութիւններու վարչակարգեր հարկ է, որ աւելի ներգործուն դերակատարութիւն ունենան, եթէ երբեք շահագրգռուած են պահելու եւ պաշտպանելու այս կողմն աշխարհի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու:

Միջանկեալ լոյսին կը բերուին նաեւ` աշխարհաքաղաքական խօլ պատերազմի գործած աւերներու եւ տժգոյն հետեւանքներու պատկերներ:

Ընդգծում մը:

Ըստ երեւոյթին, Փիւնիկի օրերէն ի վեր այս հողատարածքը եղած է փոքրամասնութիւններու հաւաքավայր, ուր դարերով ապրած են զանազան խմբաւորումներ` խճանկարային իրենց տարբերակումներով, վէճերով եւ անդադրում կռիւներով:

Ա՛լ ինչ խօսք, միջնադարու խաւարէն մինչեւ օսմանցի թուրքերու վայրագութիւն եւ արդի ժամանակներու գաղութարարութեան հաստատում, ապա նաեւ` ժողովուրդի ընդվզում, պոռթկում, պայքար եւ Լիբանանի անկախութեան հռչակում (1943թ.):

Առանց նսեմացնելու ժողովուրդի մը տարած պայքարին ու զոհողութիւններու իրական արտայայտութիւնները, կ՛արժէ համառօտակի լոյսին բերել անխարդախ եւ պայծառ ճշմարտութիւններ, այլապէս յանգելու առարկայական մօտեցումներու եւ համոզումներու:

Այո՛, ձեռքբերուած անկախութիւն մը` ազատելով գաղութարարի ճիրանէն եւ կամ եղբայրական  հոգատարութենէն:

Սակայն ի՞նչ նպատակի եւ ո՞ր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, ժողովրդական ու պետական իրագործումներու հաշուոյն:

Անկախութիւն` յանուն աւատապետական դրութեան շարունակմա՞ն, անհատ  մենատէրներու առաւել հաստատմա՞ն, ցեղախմբային մտայնութեան ծափահարմա՞ն, Սահմանադրութեան թէ իրաւական կարգերու անճիտմա՞ն, պետական կարգ ու սարքի ամէնօրեայ փլուզումի՞ն, փտածութեան խորացմա՞ն, օրէնքներու թէ իրաւական գործընթացներու ընդմիշտ չքացմա՞ն, աւազակային եւ մենաշնորհեալ խմբաւորումներու առաւել փթթումի՞ն եւ անարգել շրջագայութեա՞ն, բացայայտ եւ  հովանաւորեալ կողոպուտի սանձազերծ իրականութեա՞ն, բարձրագոյն մակարդակի կողմնապաշտութեա՞ն, ժողովրդավար կարգերու, բարքերու եւ մտայնութեան գրեթէ ոչնչացմա՞ն, աղքատ ժողովուրդի արդար իրաւունքի օր ցերեկ փոշիացմա՞ն, մօտիկ անցեալին պատահած քաղաքացիական-եղբայրասպան պատերազմի մթնոլորտի վերաբորբոքմա՞ն, անասնական կիրքերու վերաթարմացմա՞ն, վերահրահրմա՞ն, համայնքայնութեան եւ հատուածականութեան տակաւ շիկացմա՞ն, պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու գործած բացայայտ դաւաճանութիւններու, սուտի եւ ապազգային գործելակերպերու անձեռնմխելիութեան պահպանմա՞ն եւ մասամբ նորին:

Անկեղծ ընդգծում մը ինքզինք կը պարտադրէ, թէ յայտնապէս տօնական այս առիթին մասին հանրութեան հրամցուած այլազան միտքերն ու համոզումները, պատկերացումներն ու վերլուծութիւնները, փորձագիտական գնահատումներն ու քննադատութիւնները, այլեւս կորսնցուցած են իրենց երբեմնի գրաւչութիւնն ու ազդուութիւնը, պարպուած իրենց իմաստէն եւ դադրած հասարակական կարծիք ձեւաւորելու նպատակաուղղուածութենէ:

Որովհետեւ, դարաւոր սէգ մայրիներու երկրի հարազատ բնակչութիւնն անգամ կ՛ապրի հոգեմտային ու ֆիզիքական կեանքի իր ամէնէն ճակատագրական օրհասը` զոհ դառնալով իր իսկ ստեղծած հաւատքի, նուիրումի, հայրենասիրութեան, անվտանգ եւ անդորր ապրելու գիտակցութեան եւ երազանքին:

Այն երազանքի˜ն, որուն մասին կը ճառեն հոգեւորականներ, գրագէտներ, բարի եւ ազնիւ արհեստաւոր դասակարգեր, մշակոյթի գործիչներ, քաղաքագէտներ եւ հասարակ զանգուածային խմբաւորումներ:

Անկախութեա˜ն տարեդարձ, որ այլապէս դարձած է իմաստազուրկ տօնական օր մը, եւ կը ծառայէ լոկ խամրած ու տկլոր ուղեղներու զուարճացման, որովհետեւ ժողովուրդի ճնշիչ մեծամասնութիւնը թերահաւատ է դարձեր եւ օրն ի բուն կը ծիծաղի բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը յաւակնին առաջնորդել ողջ ժողովուրդ մը:

Փաստօրէն, վերջին երեք տարիներու Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած բարբարոս ու հակատիեզերական պատերազմները, մարդակերութեան հանդէսներն ու ազգ մը ամբողջ երկրին երեսէն բնաջինջ ընելու թրքատիպ տեսարանները, արդէն բաւարար ապացոյցեր են ներկայի ու գալիքի հաշուոյն, հնչած սպառնալիքներն ու ամէնօրեայ ահազանգները:

Իսկ ամէնէն դժբախտ, անըմբռնելին, ողբերգութեան զենիթը կը կայանայ հոն, երբ դրացի երկրի մը մէջ պատահող պատերազմի ազդեցութիւնը մենք կը տեսնեք ու կ՛ապրինք ուղղակիօրէն մեր երկրին մէջ, քանդումի, աւերումի, մարդասպանութեան, թշնամական վայրագ արարքներու, անհանդուրժողութեան եւ բազում խենեշ գործելակերպերու ընդմէջէն:

Այսուամենայնիւ, տակաւին գոյութիւն ունի պետական միայնակ կառոյց մը` յանձին լիբանանեան բանակին, որուն ուսերուն բեռցուած է այսպէս ասած ամբողջ երկրին պաշտպանութիւնը, գէթ քաոսի եզրին պահելու ժողովուրդը եւ հեռու մնալու եղբայրասպանութեան ճնշող փորձութենէն:

Չէ՞ որ Լիբանան, այն հազարամեայ աշխարհատարածքն է, ուր հանդէս է եկած իբրեւ նախախնամութեան պարգեւած բարիքը, իր մշտադալար, վեհապանծ եւ սէգ մայրիներու գեղեցկութեամբ:

Չէ՞ որ քաղաքակրթութիւններու եւ մարդկային յառաջդիմութեան իր անյեղլի եւ վաւերական դերակատարութիւնն է ունեցեր` ըլլալով փիւնիկեան աշխարհի օրրան, գիր ու գրականութեան ստեղծիչ, վաճառականութեան տարածիչ, բայց մանաւանդ ի վաղուց անտի համերաշխութեան, համակեցութեան եւ հանդուրժողութեան երկիր հնամեայ:

Չէ՞ որ այս փոքր տարածք-երկիրը յատկանշուած է իր հիւրընկալ, եղբայրասէր եւ արժանահաւատ ժողովուրդի մը բարեմասնութիւններով, ազնուասիրտ եւ բացառիկ առատաձեռնութեան հիւմըրով:

Չէ՞ որ անկախութենէն ի վեր իր ընդերքէն ծնած են մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան եւ հրաբորբ իմացականութեան տէր անհատականութիւններ:

Չէ՞  որ Լիբանան առաքելութեան հայրենիքն է:

Չէ՞ որ անողոք պատերազմի դառնութիւնները ապրած է, մորթին վրայ զգացած եւ ապագայ սերունդներու բարեկեցիկ ու ապահով կեանքի մը հաշուոյն ալ որոշած (սահմանադրականօրէն), թէ պիտի շարունակէ ապրիլ եւ ստեղծագործել յանուն իրական Լիբանանի մը կերտումին:

Մենք` լիբանանահայերս, ամէն պատեհ առիթի ժառանգաբար արտայայտած ենք մեր երախտագիտութիւնն ու սէրը հանդէպ այս երկրին ու ժողովուրդին, իբրեւ թրքութեան ցեղասպանութենէն ճողոպրածներ, եւ առանց երկմտանքի լծուած այս երկրին յառաջդիմութեան, բարգաւաճման եւ պետականութեան ամրակայման:

Այդուամենայնիւ, դառն ճշմարտութիւններ չեն դադրիր զանգահարելէ բոլորիս սրտերն ու մտքերը, այն առումով, որ աւելի քան հարիւր տարիներու հայութեան ներկայութիւնն ու կենսունակութիւնը մայրիներու հովանիին ներքեւ, բեղուն, խիզախ եւ ծառայասէրի ունակութիւններով պսպղուն իր ողջ պատմութեամբ, վերջին քանի մը տասնամեակներուն արդէն զիջած է` պարտադրուած գաղթի հաշուոյն:

Յաճախ մեր առօրեայ մտորումներուն ընթացքին, թէեւ տողատակի սակայն շեշտուած ձեւով բազում հարցադրումներու տեղիք կու տանք, առանց սակայն իմանալու անոնց ճշգրիտ պատասխանները, ինչ կը վերաբերի գաղութահայ կեանքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ճակատագիրին, ազգային դիմագիծի ու կամքի պահպանութեան, պաշտպանական բազում բնագաւառներու ստեղծման եւ առաւել բարգաւաճման, օրըստօրէ ճնշող մտահոգութիւններու բազմապատկումին, դէպի ապագայ հայող համազգային իրաւ առաջադրանքներու բացակայութեան:

Միւս կողմ, անվարան կրնանք հաստատել, որ հայապահպանութիւնը իր հզօր զէնքի կարողականութեան առընթեր, կը դիմագրաւէ վերանորոգման եւ վերաթարմացման անյետաձգելի հրամայականներ, իբրեւ գոյութեան երաշխիք լիբանանեան հայրենիքի երկնակամարին տակ կեանքի շարունակման գործընթաց:

Համազգային մտածողութիւն ցուցաբերելու պարտադրանքին տակ է հայ քաղաքական ու պետական միտքը, որպէսզի կարենայ մշակել համահայկական ապագայակերտ ռազմավարութիւն, գէթ մասամբ փրկելու եւ պաշտպանելու Միջին արեւելեան հայահոծ գաղութներու գոյութիւնը:

Որպէսզի անախորժ անակնկալներ եւ ստեղծուած կացութիւններ մեզ` հաւաքաբար չնետեն անորոշութեան գիրկը, լծուինք ազգակերտ աշխատանքներու նուիրագործումին, մինչեւ լիբանանեան հայրենիքի իրաւ անկախութեան ձեռքբերում:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Սիմոն Լիպարեան 9 years

    Երրորդ աշխարհի բոլոր երկիրները անկախ են ընտրել թէ որ գեր-պետութենեն կը փափաքին կախեալ ըլլան:Լիբանանին այդ խափուսիկ իրաւունքն ալ զլացուած բոլորի
    կողմէ,բացառելով տօնելու իրաւունքը:

  • Disqus ( )