Անկախութիւն Է Կրկին

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

1122_PanagՏխուր է Լիբանանը… Ան կը դիմագրաւէ ծանր վիճակ ու կացութիւն` ներքին թէ արտաքին առումով:

Անկախութիւն է կրկին, սակայն երկրին մէջ կը տիրէ պաղ եւ լուռ մթնոլորտ մը, որ մտահոգիչ է ու վախազդու: Ընկերային մարզին մէջ արձանագրուած տեղքայլը, տնտեսական մարզին հետզհետէ վատթարացումը, ապահովականին պատճառած մտահոգութիւնն ու երբեմն վախը արդէն ծանր կը կշռեն քաղաքացիին վրայ, իսկ քաղաքական լարուածութիւնն ու անորոշութիւնը աւելի եւս կ՛ելեկտրականացնեն երկրին մթնոլորտը:

Հաւանաբար սակայն այս վիճակը բնական ըլլայ տեղքայլ մը ապրող կամ սպասումի հոգեբանութեամբ գոյատեւող երկրի մը համար: Սակայն եթէ իսկապէս ուզենք պրպտել երկրին ներկայ իրավիճակին այլ էջերը, ապա պիտի տեսնենք, որ անոնցմէ տխրութիւն կը ծորի:

Լիբանանին համար միատեղ զօրութիւն եւ զգայնութիւն նկատուող հաստատութիւնը` բանակը, որ անկախութեան համն ու հոտը կը նկատուի, այս տարի տխուր է` նախ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին հարցով, ապա այն իրողութեամբ, որ կքած է ամբողջ երկրին անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելու բեռան տակ:

Բանակը կը գտնուի նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պարտադրանքին տակ, Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն մէջ յատկապէս հիւսիսային Լիբանանին, արեւելեան լեռնաշղթային եւ Պեքաայի մէջ բանակը կը գտնուի ահաբեկչական հսկայ կազմակերպութիւններու` ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային դիմադրելու հարկադրանքին տակ, իսկ ներքին առումով բանակը կը հետապնդէ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած ահաբեկչական քնացող բջիջները:

Բանակին վստահուած այս ծանր պարտականութիւնը հաւանաբար յաջողութեամբ կը պսակուի ո՛չ անոր համար, որ բանակը բացառիկ կարողութիւններ ունի, այլ այն պատճառով, որ արտաքին ուժեր չեն ուզեր, որ Լիբանան եւս տապալի (նուազագոյնը այս հանգրուանին), հետեւաբար Լիբանանի մէջ գտնուող մեծ պետութիւններուն գաղտնի սպասարկութիւնները կը փոխանցեն բանակի հրամանատարութեան «թանկագին» տեղեկութիւններ, որոնք կը դրսեւորուին բանակին գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ահաբեկիչներուն որջերուն ներխուժումով եւ «սուղ որսերու» ձերբակալումով:

Բանակին հանդէպ լիբանանցիներուն ցուցաբերած զօրակցութենէն ետք կու գան Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն արտայայտած զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց օժանդակութեան խոստումները, որոնք երբեք գործնականի չվերածուեցան եւ, ըստ երեւոյթին, պիտի չվերածուին:

Հակառակ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ բանակին տրամադրուած թագաւորական օժանդակութեան, Լիբանանի մտերիմ բարեկամ Ֆրանսան կը մերժէ արագացնել լիբանանեան բանակին յատկացուելիք զէնքն ու զինամթերքը` գիտնալով հանդերձ, որ բանակը անոնց անմիջական կարիքը ունի:

Բանակին օժանդակութեան շրջագիծին մէջ ամէնէն  գործնականը Միացեալ Նահանգները կը թուի ըլլալ ու մնայուն արձագանգել իր օժանդակութիւններուն մասին, նոյնիսկ եթէ տրամադրուած այդ աջակցութիւնը ըլլայ լուսանցքային, գումակային եւ այս հանգրուանին համար անկարեւոր:

Այս բոլորէն բացի կայ այլ իրականութիւն մը` Թեհրանի կողմէ բանակին զէնք եւ զինամթերք տրամադրելու պատրաստակամութիւնը եւ այդ խոստումը անյապաղ գործադրելու յանձնառութիւնը, որ այս պարագային կը հանդիպի լիբանանեան խոչընդոտներու:

Լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ առանց նախապայմանի իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը մերժելու կեցուածքը պատճառ կը դառնայ, որ լիբանանեան պետութիւնը անպատասխան մնայ Թեհրանի առաջարկին նկատմամբ: Քաղաքական ուժերէն ոմանց կողմէ մերժողական այդ կեցուածքը կ՛արդարացուի այն մտահոգութեամբ, որ Իրանի պարտադրուած Ապահովութեան Խորհուրդի պատժամիջոցները չեն արտօներ նման օժանդակութիւն կատարել, հետեւաբար պէտք է զգուշանալ նման աջակցութիւններէ եւ կանխարգիլել անոնց հաւանական հետեւանքները:

Գետնի վրայ սակայն բանակին ուժ եւ կորով ներարկող հիմնական երեք շօշափելի տուեալներ կան. անոր հանդէպ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը, Դիմադրութեան հետ զինուորական գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու ցուցաբերած օժանդակութիւնը:

Այս իրականութենէն մեկնելով կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները պիտի չանցնին խոստումի եւ խօսքի սահմանները` զայն պահելով այդ օժանդակութիւնները սպասող յաւիտենական թեկնածու մը:

Այս բոլորին կողքին, երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները իրենց կարգին կը դիմագրաւեն դժուար ու բարդ պայմաններ: Լիբանանի իշխանութեան պետերէն առաջինը չկայ` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ անհամաձայնութեան եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առումով մեծ պետութիւններուն կողմէ յստակ որոշումի չգոյութեան պատճառով:

Անշուշտ այս վերջին կէտը Լիբանանի ցաւալի իրականութիւններէն մէկն է, սակայն ընդունուած կարգի վերածուած է ու համոզած բոլորը, թէ արտաքին ուժերը աւելի լաւ կը հասկնան Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու եղանակէն, հետեւաբար անոնք պէտք է իրենց խօսքը ունենան այդ առումով:

Միւս կողմէ երկրորդ անգամուան համար խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը այդքան ալ փայլուն ապագայ մը չի խոստանար շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան դասեր տուող այս երկրին:

Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձը համակուած է տխրութեամբ, անորոշութեամբ եւ կսկիծով, բայց լիբանանցին տոկացող է, պայքարող եւ ընկրկումի իր պահերը յաղթահարող:

Բանակին անկոտրում կամքը եւ երկիրը պահելու կորովը անոր առիթ տուած են յաղթելու ՏԱՀԵՇ-ին եւ շարունակելու անոր դէմ պատերազմը, որ տակաւին նոր սկսած է, Դիմադրութեան զօրութիւնը եւ բանակին նեցուկ կանգնելու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէկ ու միակ հարստութիւնը նկատուող ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան գանձը կրնան երաշխաւորել Լիբանանի գոյատեւումն ու լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումը:

Իսկ մինչեւ 72-րդ տարեդարձ Լիբանան կրնայ զարմացնել աշխարհը եւ փիւնիկի նման յառնիլ` ընտրելով իր քրիստոնեայ նախագահը, վաւերացնելով իր ընտրական նոր օրէնքը, կատարելով արդար ընտրութիւններ, վերջնականապէս թօթափելով ահաբեկչութեան կազմակերպութիւններուն վախը, ներքին կարգով` Դիմադրութիւնը բանակին միաձուլելով հզօրացնելու իր զինեալ ուժերն ու ռազմական կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ օգտուելով իր քարիւղի ու կազի բնական հարստութենէն եւ սկսելով երկրին տնտեսական բարգաւաճումին:

Յոյսի ու լոյսի նշոյլներուն կառչած մնալով` կ՛ընդգծենք անկախութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` մաղթելով, որ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակումով վերջ կը գտնէ Լիբանանի արժանապատուութիւնը խոցող իրականութիւն մը եւ կը դարմանուի լիբանանցիներուն սրտերը յուզող կսկիծը:

Share this Article
CATEGORIES