Խմբագրական. Նաեւ Քաղաքական Մակարդակի Վրայ (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

aee65ad2b3824712aacff2bde2e3-grandeԼիբանանի անկախութիւնը կը նշենք սովորական պայմաններու մէջ: Սովորականը այս պարագային բացասական երանգներ կը պարփակէ: Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր անկախութեան օրը հեռացած է իր տօնական բնոյթէն եւ քաղաքական թէ ընդհանրապէս հասարակական առումներով նոր հեռանկարներու նախանշումներ կատարելու գլխաւոր առիթի հանգամանքէն:

Հանրապետութեան նախագահի թափուր աթոռ, ինքնավերարտադրուող խորհրդարան, շրջանային իրադարձութիւններու անմիջական ազդեցութիւններ, ապահովական մակարդակի կացութիւններու ստեղծումներ, բանակը թիրախաւորած գործողութիւններ:

Ահաւասիկ նման ընդհանուր պատկերի մէջ է, որ Լիբանան կը տօնակատարէ անկախութեան հերթական տօնը: Այս բոլոր երեւոյթներուն մէջ առանձնաբար լոյսին կու գայ ռազմական ոլորտը: Բանակն է, իբրեւ պետական ամէնէն հեղինակաւոր կառոյց, որ կը շարունակէ պահպանել մէկ պետութեան, մէկ ազգի եւ մէկ ժողովուրդի խորհրդանիշի իր հանգամանքը: Եւ պատահական չէ, որ բանակը կ՛որոշուէր իբրեւ թիրախ սահմանային շրջաններու մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Տուեալ երկրի պետական սահմաններու անվերահսկելիութիւնը ինքնին տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող նախաքայլ է: Երբ պետութիւնը ի վիճակի չ՛ըլլար իր սահմանները վերահսկելու, առիթ տուած կ՛ըլլայ անարգել թափանցումներու, ոտնձգութիւններու եւ այդ բոլորին իբրեւ անմիջական հետեւանք` ներքին անկայունութեան: Սահմաններու սասանելիութիւնը քաոսային վիճակի յառաջացման գրեթէ նախապայմանային օղակ է:

Եւ որքան ալ նախադրեալները յուշեն, որ Լիբանանի պարագային շրջանային թէ աշխարհաքաղաքական ուժեր զսպիչ միջոցառումներու դիմած են երկիրը տարածաշրջանային բռնկումներուն մէջ չներառելու, այսուհանդերձ պէտք է նկատել անպայման, որ կան կողմեր, որոնք առաջադրուած քաոսի յառաջացման համար կ՛աջակցին զինեալ խմբաւորումներու եւ կը հարուածեն բանակը, կ՛առեւանգեն անոր զինուորները, կը սպառնան գլխատել բանակայինները:

Բանակը փաստօրէն սանձեց այս երկրին դէմ նիւթուող դաւը: Յաջողեցեաւ կանխարգիլել հետագայ զարգացումները: Բանակը այս բոլորէն դուրս եկաւ պատուաբեր ձեւով, փրկելով թէ՛ բանակը, թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ ժողովուրդը: Փրկելով երկիրը: Եւ անտեղի պիտի չըլլար նկատելը, որ նման սադրանքներու ետին կանգնողները նոյնանման տարրեր են, որոնք խժդժութիւններ գործեցին եւ կը շարունակեն գործել շրջանին մէջ եւ որոնք կը շարունակեն օժանդակութիւն ստանալ այլեւս բացայայտօրէն հիմնական աղբիւրէ: Համանման տարրերն են, որոնք Քեսապի թէ Մուսուլի, Արաբ Բունարի թէ Տէր Զօրի մէջ թէ այլուր կը գործեն ջարդեր, աւերներ եւ կը պատճառեն տեղահանութիւններ:

Լիբանանը պէտք է վերահաշուարկէ այդ տարրերուն ետին կանգնող պետութեան` Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Այդ տարրերն, որոնք կը սպառնան իր բանակին, կը հարուածեն զայն եւ այդ ճամբով կը հանդիսանան մեծագոյն վտանգ երկրին:

Համալիբանանեան կեցուածքը այս երեւոյթին նկատմամբ հրամայական է: Անկէ պիտի բխի նաեւ երկխօսութիւնը, որ պէտք է առաջնորդէ պետական հաստատութիւններու վերագործարկման, նախագահի ընտրութենէն մինչեւ  ընտրական օրէնքի շուրջ համաձայնութիւն, խորհրդարանական  նոր ընտրութիւններու կայացում:

Աշխարհաքաղաքական բաժանարար ծրագիրներ իրականացնելու համար Լիբանանը պարարտ ենթահող է: Այդ ծրագիրներու իրագործման միտումները կրնան հարուածել այլապէս արդէն տագնապներ դիմագրաւող այս երկիրը:

Անկախութիւնը ինքնիշխանութիւն ու գերիշխանութիւն է: Անոր պահպանման երաշխիքը բանակն է. բանակը այսօր թիրախ է: Բանակին շուրջ գոյացած եւ դրսեւորուած համալիբանանեան համախոհութիւնը իր դրսեւորումը պէտք է գտնէ նաեւ քաղաքական մակարդակի վրայ: Գուցէ այս ըլլայ անկախութեան հերթական  տօնին փոխանցելիք կարեւորագոյն պատգամը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )