Պասիլ. «Ժամանակն Է Լուծումներ Գտնելու Եւ Ոչ Թէ Համաձայնութիւններու Յանգելու»

Պասիլ` դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի դիւանագիտական անձնակազմը, որուն ներկայութեան արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ երկրին քաղաքական անկախութիւնը չի նշանակեր, որ Լիբանանը պէտք է լուսանցքայնանայ եւ իր շրջակայ երկիրներուն հետ կապ չունենայ:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ ինք կը խնդրէ օժանդակել Լիբանանին` անոր ներքին հարցերուն չմիջամտելով, այլ` նեցուկ կանգնելով բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն:
Պասիլ մաղթեց, որ օտար պետութիւնները Լիբանանի օժանդակեն զօրակցելով անոր իրաւունքներուն, արդար լուծումներու յանգելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ անոր բանակին մղած պայքարին` պաշտպանելով երկիրն ու քաղաքացին եւ բարձր պահելով լիբանանցիին արժանապատուութիւնը:
Պասիլ հաստատեց, որ ժամանակն է լուծումներ գտնելու եւ ոչ թէ համաձայնութիւններու յանգելու:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ արտաքին գործոց նախարարութեան շրջափակին մէջ տնկեց Մայրիի ծառ մը:

