Փիեռ Ժեմայէլի Նահատակութեան Ը. Տարելիցին Առիթով Հոգեհանգիստ

Հոգեհանգստեան արարողութենէն պահ մը
Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան Ը. տարելիցին առիթով երէկ Պիքֆայայի մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան անոր ընտանիքը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ հարազատներու ու բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք նահատակ նախարարին հայրը` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իր զաւկին նահատակութենէն ութ տարի ետք կը հաստատէ, որ ինչքան ալ փորձեն, պիտի չկարենան սպաննել Լիբանանի նկատմամբ իրենց յոյսը:
Ժեմայէլ յայտնեց, որ Պիքֆայայի քաղաքապետարանին կողմէ մատուցուած հողաշերտի մը վրայ պիտի կառուցուի «Փիեռ Ամին Ժեմայէլ» համալսարանը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ Պէյրութի քաղաքապետարանին կողմէ տրուած է որոշում մը, որուն հիման վրայ Պէյրութի մէջ հիմնուած պարտէզ մը պիտի կոչուի Փիեռ Ժեմայէլի անունով:

