Ապպաս Իպրահիմ Ալի Ալիի Ընտանիքը Տեղեակ Պահեց Անոր Նահատակութեան Մասին
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ բանակային Ալի Քասեմ Ալիի ընտանիքը տեղեակ պահեց, որ իրենց զաւակը առեւանգուած բանակայիններուն շարքին չէ, այլ` նահատակուած է բանակայիններուն առեւանգուած օրն իսկ, շեշտելով, որ անոր դիակը կը մնայ ահաբեկիչներուն մօտ:
Խրէյպիի մէջ Ալի Ալիի ընտանիքը իր զաւկին նահատակութեան առիթով ցաւակցութիւն ընդունեց` շեշտելով, որ իր հակառակորդներն են Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրին եւ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին, եւ իրենք ուշ կամ կանուխ իրենց վրէժը պիտի լուծեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

