Անկախութեան Տօնին Առիթով. Զօր. Քահուաժիի Օրուան Հրահանգը

Զօր. Ժան Քահուաժի

Զօր. Ժան Քահուաժի

Լիբանանի անկախութեան 71-րդ տարեդարձին առիթով բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ բանակայիններուն փոխանցեց Օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ երկիրը իր անկախութեան տօնին ընթացքին սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի վկայած ահաբեկչութեան ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքի ալիքը:

«Մօտիկ անցեալին դուք ձեր արեամբ տապալեցիք այդ դաւադիր ծրագիրը` կորսնցնելով ձեր զէնքի ընկերները, որոնք նահատակուեցան, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, որոնք վիրաւորուեցան: Դուք էիք, որ տապալեցիք մութի էմիրութեան հաստատումը` արեւելեան լեռնաշղթայէն մինչեւ ծովեզերք: Այդ էմիրութիւնը, որ յայտարարուելու պարագային պիտի առաջնորդէր դէպի յարանուանական քանդիչ դէպքեր` ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Այդ էմիրութիւնը յայտարարելու պարագային Լիբանանի մէջ պիտի բռնկէր քաղաքացիական պատերազմ մը, որ շատ աւելի վտանգաւոր պիտի ըլլար, քան ինչ որ կը մտածեն բոլորը», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ պէտք է բանակը լաւ գիտնայ, որ իրենց որոշումն է ահաբեկչական այս կազմակերպութիւններուն դէմ պատերազմը շարունակել` առանց յուսախաբութեան եւ առանց հրաժարելու այդ պայքարէն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ահաբեկիչները Լիբանանէն արմատախիլ ընել:

«Բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ազատ արձակելու առեւանգուած բանակայինները եւ զանոնք վերադարձնելու բանակին շարքերուն եւ անոնց ընտանիքներուն», ըսաւ ան:

Զօր. Քահուաժի նշեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով ազգային տօնակատարութիւն մը կը ջնջուի հանրապետութեան նախագահին չգոյութեան պատճառով` ընդգծելով ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն ընթացքը բարելաւել:

Բանակի հրամանատարը կոչ ուղղեց բանակայիններուն ըլլալու կազմ ու պատրաստ` դիմադրելու նաեւ թշնամի Իսրայէլին, որ կը փորձէ չարաշահել շրջանային իրադարձութիւնները` շարունակելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործել:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն պահպանելու հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը եւ գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանը շրջապատող վտանգները կը մղեն, որ լիբանանեան բանակը բարելաւէ իր կարողութիւնները, յատկապէս տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւններուն ճամբով:

Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ ջնջեց Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով կատարուելիք պաշտօնական բոլոր ձեռնարկները:

 

Share this Article
CATEGORIES