Մուքպել. «Լիբանան Պիտի Կարենայ Շրջանցել Իր Դժուարութիւնները` Շնորհիւ Իր Բանակին Եւ Ժողովուրդին»

Սամիր Մուքպել

Սամիր Մուքպել

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով դրուատեց այդ անկախութիւնը պահպանող բանակայինները, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն ի խնդիր երկրին, պետութեան եւ քաղաքացիին պաշտպանութեան:

Մուքպել բարձր գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանցիներուն մղած միասնական պայքարը` աւելցնելով, որ Լիբանան իր դիմագրաւած դժուարութիւնները պիտի կարենայ շրջանցել եւ յաղթանակներ արձանագրել` շնորհիւ իր բանակին եւ ժողովուրդին:

Share this Article
CATEGORIES