Ապու Ֆաուր Պահանջեց Փակել Փակեց Պէյրութի Սպանդանոցին Կից Գտնուող Ոսկոր Աղալու Գործարանը

Ապու Ֆաուր

Ապու Ֆաուր

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պահանջեց փակել Պէյրութի սպանդանոցին կից գտնուող ոսկոր աղալու գործարանը, որուն թունաւոր մնացորդացը կը թափի Պէյրութի գետին մէջ:

Ապու Ֆաուր ներքին գործոց նախարարէն պահանջեց այդ իմաստով համապատասխան որոշումներ տալ:

Նշենք, որ Թրիփոլիի, Ղազիէի եւ Պայսարիէի մէջ փակուեցան այդ շրջաններուն սպանդանոցները, ինչպէս նաեւ Սայտայի «Փիցա Հաթ» ճաշարանը, Սայտայի «Պսաթ» վաճառատան կաթնեղէնի եւ մսեղէնի բաժինը:

 

Share this Article
CATEGORIES