Հարիրի. «Խոցելի Է Երկրին Անկախութեան Տօնը Անցընել Առանց Հանրապետութեան Նախագահի»

Սաատ Հարիրի

Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խոցելի նկատեց երկրին անկախութեան տօնը անցընել առանց հանրապետութեան նախագահի, որուն սահմանադրութիւնը առիթ կու տայ երդուելու` անկախութեան պահպանումին նպատակով:

Հարիրի շեշտեց, որ երկրին նախագահական աթոռը թափուր պահելու պնդումներն ու ջանքերը Լիբանանին չարիք գործելու համազօր են:

Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է անյապաղ կատարել եւ ընտրել նախագահ մը, որուն առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ազգային երկխօսութեան հրաւիրել, ներքին լիբանանեան սադրանքներուն վերջ տալ եւ լիբանանեան խմբաւորումներուն Սուրիոյ տագնապին միջամտութիւնը կասեցնել:

Share this Article
CATEGORIES