Ասկերանի Եւ Ֆրանսական Քաղաքին Միջեւ Համաձայնագիրը Ջղագառութեան Պատճառ Ազրպէյճանի Մէջ

1121_asgeranԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ, Պուք Պել Էրի քաղաքապետարանին մէջ 19 նոյեմբերին ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր` Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերան եւ Ֆրանսայի Պուք Պել Էրի քաղաքներուն միջեւ:

Այդ կապակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը, հաւատարիմ մնալով վաղեմի սովորութեան, դժգոհութիւն յայտնած է երկրին կառավարութեան: Այդ մասին կը յայտնէ «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ յայտարարած են, որ Ֆրանսա`  իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի  համանախագահ, կը յարգէ Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը», սակայն որոշ հայամէտ շրջանակներ իբրեւ թէ կը  փորձեն վնասել Պաքուի եւ Փարիզի յարաբերութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES